ՅԱՐԱՏԵՒ «ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ»

Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգը կը բնորոշուի ընդդիմութեան յարատեւ «Դիմադրութիւն»ով։ Մայրաքաղաք Երեւանի եւ երկրի մնացեալ մեծ քաղաքներուն մէջ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը լայն զանգուածներ շարժման կ՚անցընէ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններուն դէմ բողոքելու համար։ Բնականաբար, լարուածութիւնը պակաս չ՚ըլլար։ Ընդդիմութեան եւ իշխանութեան ճամբարներու ներկայացուցիչներուն կողմէ շարունակ կը հնչեն փոխադարձ մեղադրանքներ։ Ատեն-ատեն խնդիրը կը հասնի անձնական վիրաւորանքներու կամ քաղաքական դերակատարներու ընտանեկան անդամներուն դէմ անարգանքի համեմատութիւններուն։

Արդէն գրեթէ շաբաթէ մը ի վեր ընդդիմադիր ուժերը հանրահաւաքներ, բողոքի երթեր եւ այլ ցոյցեր կը կազմակերպեն՝ պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը։ Ոստիկանական ուժերը միշտ բուռն ձեւով կը միջամտեն ցուցարարներուն։ Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ այս բոլորին կապակցութեամբ արտայայտուած վերաբերմունքը ատեն-ատեն ըմբոստութեան սահմաններուն կը հասնի։

Ընդդիմադիր ուժերէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) պիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Մենք մեր առջեւ դրուած խնդիրները ամբողջութեամբ կատարած ենք՝ անձամբ վարչապետին փոխանցելով իր հրաժարականի հանրային պահանջը»։

Ընդդիմութեան հակած քաղաքական մեկնաբաններն ալ զանազան լրատուամիջոցներու վրայ դիտել կու տան, որ Ատրպէյճանի քարոզչամեքենային կողմէ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Նիկոլ Փաշինեանին։

Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ երէկ յայտարարեց. «Իշխանութիւններու կործանարար քաղաքականութեան հետեւանքով Հայաստան պատերազմի մէջ ջախջախուած է։ Եւ հիմա Հայաստանի կամքէն բան կախուած չէ։ Հիմա փոխանակ իշխանութիւնը եւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կարողանան նստին մէկ սեղանի շուրջ եւ լուծում գտնեն՝ մէկը զբաղած է իշխանութիւնը պահելով, իսկ միւսը կ՚ուզէ գալ իշխանութեան գլուխ։ Երկու կողմն ալ կը փորձէ հասարակութեան ներկայանալ որպէս փրկիչ, բայց երկուքն ալ վնաս կը բերէ պետութեան։ Պատերազմէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան շատ աւելի դաշնակցական էր՝ քան Իշխան Սաղաթելեանը։ Ինք այդպէսով կ՚ուզէր պահել իշխանութիւնը։ Այսօր Փաշինեան մտածելով, թէ խաղաղութեան ջատագով դառնալով կրնայ պահել իշխանութիւնը՝ դարձած է խաղաղութեան ջատագովը։ Մարդ մը, որ խաղաղութիւնը կը հեգնէր գոնէ վերջին տասն տարիներուն։ Փաշինեան իրականացուցած է Իշխան Սաղաթելեանի երազած ծրագիրը. նոր պատերազմ, նոր տարածքներ։ Աւելի առաջ գացած է՝ Ատրպէյճանի մէջ յեղափոխութիւն ընել եւ այլն»։

Իր կարգին, ՀՅԴ-ի Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանն ալ երէկ յայտնեց. «Մենք մեր գործի 60-70 տոկոսը իրականացուցած ենք, կը մնայ մնացեալ հատուածը, կ՚երթանք յառաջ»։

Միւս կողմէ, Երեւանի «Հրապարակ» թերթը հարցազրոյց մը հրապարակած է Դադիվանքի նախկին վանահայր Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննիսեանի հետ։ «Այսօրուայ իշխանութիւնները դէմ են թէ՛ եկեղեցիին, թէ՛ ազգին եւ թէ Արցախին. հասած է ժամը, սիրելի ժողովուրդ, ոտքի կանգնեցէք», ըսած է ան։ 

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022