ՆԱԹՕ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԽՏԱՑՈՒՄ
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճէոանէ յայտարարեց, որ մօտակայ շաբաթներուն Ուքրայնայի պատերազմը վճռական փուլ կը թեւակոխէ։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ յառաջիկայ շաբաթները վճռորոշ կ՚ըլլան, նոյնիսկ եթէ պատերազմը աւելի երկար տեւէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ դաշինքը չ՚ենթադրեր, որ պատերազմը պիտի սրուի եւ ինքն ալ պիտի ներգրաւուի հակամարտութեան։ ՆԱԹՕ-ի արեւելեան թեւէն ներս կուտակուած զօրքերը ան զսպիչ գործօն համարեց եւ աւելցուց. «Մենք պատմութեան մէջ առաջին անգամ աշխուժացուցած ենք արեւելեան երկիրներու համար պաշտպանութեան ծրագիրը»։
Բաց աստի, ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը նաեւ ըսաւ. «Ուքրայնայի մէջ պատերազմը պիտի շարունակուի աւելի մեծ խտութեամբ եւ աւելի մեծ զոհերով, սակայն Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ մագլցման վտանգ չկայ։ Մենք կը փորձենք խուսափիլ նման բեմագրութենէ»։
Միւս կողմէ, վաղը նախատեսուած է «G-7»ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն առցանց հանդիպումը, որուն կը միանայ նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։ Փակ նիստը կը գլխաւորէ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց։ Կը հաղորդուի, որ քննարկումներ կը ծաւալուին Ուքրայնայի վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոնց համաշխարհային հետեւանքներուն կապակցութեամբ՝ ներառեալ Ուքրայնայի ի նպաստ աջակցութիւնն ու Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։