ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ
Իսթանպուլի մէջ այս առաւօտ պատահեցաւ պայթում մը։ Դէպքը տեղի ունեցաւ Վեզնեճիլէր թաղամասին մէջ։ NTV-ի հաղորդումներով, պայթումը պատահեցաւ մեթրոյի կայարանին մօտ, ոստիկանական ինքնաշարժի մը անցնելուն ժամանակ։ Կան զոհեր ու բազմաթիւ վիրաւորներ։ «Անատոլու» գործակալութեան կողմէ հաղորդուած մանրամասնութիւններով, պայթումէն վերջ լսուեցան նաեւ ատրճանակի ձայներ։ Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ այդ ձայները բուն դէպքին հետ կապ չունին, այլ ոստիկաններուն կողմէ դէպի օդ կրակ բացուած է անվտանգութեան երաշխաւորման համար։
Այս դէպքին հետեւանքով բազմաթիւ գործատեղիներ եւ ինքնաշարժներ վնաս կրեցին։ Անմիջապէս շտապօգնութեան ինքնաշարժներ ուղղուեցան պայթումի վայրը եւ վիրաւորները փոխադրուեցան մերձակայ հիւանդանոցները։ Ոստիկանութեան առաջնորդութեամբ դատարկուեցան այն գործատեղիները, որոնք վնաս կրեցին պայթումին հետեւանքով։
Իսթանպուլի կուսակալութեան աղբիւրները դէպքէն միջոց մը վերջ հաղորդեցին, որ «Ճելալ աղա քոնաղը» պանդոկին առջեւ պատահած սաստիկ պայթումին հետեւանքով եօթ ոստիկան նահատակուած է։ Չորս քաղաքացի ալ զոհ գացած է այս ցաւալի դէպքին։ Կուսակալ Վասիփ Շահին նշեց, որ յարձակումը կատարուած է ռումբով բեռնաւորուած ինքնաշարժով մը։ Վիրաւորեալ ոստիկանները դարմանման տակ առնուած են Չափայի եւ Ճերրահփաշայի հիւանդանոցներուն մէջ։ Վիրաւորեալներէն չորսին վիճակը ծանր է։
Դէպքին պատահած պողոտան փակուած է երթեւեկութեան։ Ենիգաբու-Հաճըօսման մեթրոյի ուղղութեան վրայ ալ Վեզնեճիլէրի կայարանը կը շրջանցուի անվտանգութեան պատճառներով։
Իսթանպուլի բնակիչները խոր ցաւ ու մտահոգութիւն ապրեցան այս առաւօտ քաղաքիս մէջ պատահած ահաւոր յարձակման հետեւանքով, մանաւանդ, որ դէպքի վայրէն ցոլացան ցաւալի դրուագներ։
Միւս կողմէ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ այսօր կէսօրուան ժամերուն անվտանգութեան խնդիրներու ձօնուած բարձրաստիճան խորհրդակցութիւն մը տեղի կ՚ունենայ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Պեշթեփէի նախագահական պալատին մէջ նախատեսուած այս ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Վեզնեճիլէրի մէջ պատահած սաստիկ պայթումին հարցը։ Էրտողանի գլխաւորութեամբ պատկան պատասխանատուները հաշուի կ՚առնեն բոլոր մանրամասնութիւնները թէ՛ այս դէպքին եւ թէ ընդհանրապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շուրջ։
Պեշթեփէի ժողովէն առաջ, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեսակցեցաւ Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալայի հետ։