ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րին հի­ման վրայ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար նշա­նա­կուե­ցաւ Ար­մէն Գէոր­գեան։ Ե­րէկ, Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի վեր­նա­խա­ւին ներ­կա­յա­ցուց Ար­մէն Գէոր­գեա­նը։

Հարկ է նշել, որ Ար­մէն Գէոր­գեան մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան հա­մա­կար­գէն ներս եր­կար ժա­մա­նակ ա­նընդ­մէջ զբա­ղե­ցու­ցած էր զա­նա­զան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­ներ, ընդ­հուպ մին­չեւ փոխ-վար­չա­պետ։ Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ան դուրս ե­կած էր պե­տա­կան հա­մա­կար­գէն, իսկ հի­մա կը վե­րա­դառ­նայ նոր, դար­ձեալ շատ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նի մը գլու­խը։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016