«ՅՈՒՇԻ ԲԵԿՈՐՆԵՐ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ հայաշխարհի երիցագոյն գրողներէն Թորոս Թորանեան վերջերս լոյս ընծայած է իր նոր գիրքը։ Սուրիահայ հեղինակը, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Հայաստան, Երեւանի մէջ հրատարակած է այս գիրքը, որ կը կոչուի «Յուշի բեկորներ»։ «Լուսակն» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած է այս գործը։

Գիրքի բովանդակութեան մէջ հեղինակը վերյիշումներ կատարած է վերջին շրջանին մասնակցութիւն բերած զանազան ժողովներէ եւ անցեալի մէջ հայ մշակոյթի տիրական դէմքերու հետ ունեցած զանազան հանդիպումներէ։

Ինչպէս ծանօթ է, Թորոս Թորանեան մասնագիտութեամբ բժիշկ է ու տասնամեակներէ ի վեր կը կատարէ բեղուն արտադրութիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018