ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ Միաբանական ժողով մը։ Մայր Աթոռէ ներս պաշտօնավարող քահանայ հայրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու աւարտին մասնակիցները հանդէս եկան հետեւեալ յայտարարութիւնով.

Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ, սիրեցեալ հաւատաւոր ժողովուրդ,

Վերջին օրերուն համացանցի վրայ յայտնուած են նախաձեռնութիւններ եւ բողոքի կոչեր, որոնք հասցէագրուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան։ Կը ցաւինք, որ անոնց միացած են նաեւ հաւատաւոր զաւակներ, որոնք անկեղծօրէն մտահոգուած են մեր եկեղեցւոյ առաքելութեամբ։

Անուրանալի են անկախութենէն ի վեր հայոց հայրապետներու եւ ուխտապահ հոգեւորականներու ջանքերով կատարուած աշխատանքները եւ արձանագրուած ձեռքբերումները հովուական, քարոզչական, կրթական, ընկերային, բարեսիրական եւ մեր ազգային կեանքի այլ ոլորտներուն մէջ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր ամենօրեայ գործունէութեամբ մշտապէս հետամուտ է հոգեւոր կեանքի բարենորոգման ու զարգացման՝ շարունակ ջանալով լուծել եկեղեցական կեանքէ ներս ի յայտ եկած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։

Ցաւալի է, որ բողոքի յիշեալ գործընթացը կը խթանեն որոշ անհատներ, որոնք իրենց անձնական շահերէն ելլելով կը փորձեն ստուերել ամէնքիս համար գնահատելի եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող այս աւանդը՝ խաթարելով Ս. Եկեղեցւոյ աղօթական կեանքը եւ գայթակղութիւն դառնալով բարեմիտ հաւատացեալներու համար։ Առաւել եւս կը ցաւինք, որ հանդէս կու գան նաեւ անձեր, որոնք ժամանակին հնարաւորութիւն ունէին իրենց ծառայութեան մէջ բարձրաձայնելու խնդիրները եւ նպաստելու անոնց լուծման։

Մեր եկեղեցւոյ ներքին կեանքի խնդիրները լուծում կը ստանան ըստ դարերով նուիրագործուած ընթացակարգի՝ եկեղեցական կանոնական մարմիններու միջոցաւ։ Խնդիրներու լուծման այլ ճանապարհներ եւ հարթակներ չկան։

Կը յորդորենք մեր սիրեցեալ հաւատացեալներուն եւ հոգեւոր եղբայրներուն, որպէսզի անոնք երեւան եկած խնդիրները համապատասխան կարգով բարձրացնեն իրենց հովիւներու եւ առաջնորդներու առջեւ, իսկ երբ չգտնուին լուծումներ, պատշաճ կերպով ներկայացուին եկեղեցական բարձրագոյն ատեաններուն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միաբանական ժողովը համոզուած է, թէ Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցին յուզող ամէն մի խնդրի առընչութեամբ կը կայացուի համապատասխան որոշում՝ գոհացում տալով հաւատացեալներու սպասումներուն եւ կարիքներուն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ամբողջ միաբանութիւնը հաւատարիմ է սրբազան իր ուխտին եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ աւանդուած իր առաքելութեան՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայրենի մեր երկրի զօրացման։

Կ՚աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ բոլորիս, իմաստութեան շնորհով պայծառացնէ մեր միտքը եւ պարգեւէ զօրութիւն՝ բարին խորհելու, խօսելու եւ գործելու։ Թող Տէրը իր ամենախնամ հովանիին ներքեւ միշտ շէն ու հզօր պահէ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ մեր հայոց աշխարհը։

«Արդարութեան պտուղը խաղաղութեամբ կը սերմանուի անոնց համար, որոնք խաղաղութիւն կ՚ընեն» (Յակովբոս Գ 18)։

*

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին յեղափոխութեան եւ իշխանափոխութեան մթնոլորտին մէջ կարգ մը շրջանակներ սկսած են թիրախաւորել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ անձամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը։ Ի շարունակութիւն, երէկ, Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որու մասնակիցներու շարքին կը գտնուէին նաեւ ինչպէս կարգ մը կարգալոյծ, այնպէս ալ գործող հոգեւորականներ։ Ցուցարարները պահանջեցին Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ Նորին Սրբութիւնը այսօր հանդիպում մը կ՚ունենայ՝ իր հրաժարականը պահանջած այդ հոգեւորականներուն հետ, մասնակցութեամբ եպիսկոպոսաց դասէ ներկայացուցիչներու։

Միաբանական ժողովէն վերջ վերոյիշեալ յայտարարութեան իմաստն ալ կը բիւրեղանայ այս ամբողջին մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018