ՆԱԽԱՐԱՐ ՖԱԹՄԱ ՊԵԹԻՒԼ ՍԱՅԱՆ ՔԱՅԱ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Ընտանիքի եւ ընկերային քաղաքականութիւններու նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա նախընթաց օր այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Բարձրաստիճան հիւրի այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Նախարարը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, բժշկապետ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի, ընդհանուր քարտուղար Սիլվա Թրիքայի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ։

Նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա հիւանդանոցի համալիրէն ներս կատարեց շրջայց մը՝ պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ։ Վարչական բաժանմունքի եւ «Շիրինօղլու» թանգարանի առընթեր նախարարն ու ընկերակիցները շրջայց մը կատարեցին նաեւ մասնագիտական բաժանմունքներէն ներս։ Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա շատ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ մնայուն բնակիչներուն նկատմամբ, որոնց բաժնեց վարդեր։ Նախարարը ծերանոցի բաժնին շուրջ քաղեց մանրամասն տեղեկութիւններ։ Հիւանդանոցի պատասխանատուները սպառիչ բացատրութիւններ տուին ծերանոցի պայմաններուն, այնտեղ մատուցուած ծառայութիւններուն շուրջ։ Սպասարկութեան ու հոգատարութեան որակին տեսակէտէ բաւական բարձր նշաձող մը ունի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը եւ այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի նախարարն ալ վկայէ այդ բոլորին։

Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ անդրադարձաւ, թէ հիւանդանոցի ղեկավարութիւնը ինչ սկզբունքներով կ՚առաջնորդուի՝ մնայուն բնակիչներուն խնամքը կազմակերպելու ժամանակ։ Նախարարին հետ զրուցելու ժամանակ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու խոր երախտագիտութիւն յայտնեց՝ կառավարութեան կողմէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նկատմամբ ցուցաբերուած անմիջական ուշադրութեան, պատրաստակամ վերաբերմունքին ու զօրակցութեան համար։

Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը երկար ժամանակէ ի վեր բարձր ու նախանձելի արդիւնքներ կ՚ապահովէ՝ պաշտօնական կամ մասնագիտական կառոյցներու կողմէ կատարուած գնահատականներու եւ հրապարակուած ցուցակներու մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018