ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց երեկոյեան մասնակցութիւն բերաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ սարքուած իֆթարի սեղանին։ Երեկոյթի տանտէրն էր Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր, որ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց սեղանակիցներուն առջեւ։ Ներկաներու շարքին էին դիւանագէտներ, արուեստագէտներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, դիւանակալներ, հասարակական գործիչներ եւ այլ հիւրեր։

Երեկոյթի ընթացքին աւագ հիւպատոս Պիւշվալթէր ուրախութիւն յայտնեց նորին սրբազնութեան մասնակցութեան կապակցութեամբ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին ընկերացաւ Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պեսքիսիզեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018