ԱԼԷՆ ՏԸԼՈՆ 83 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ ՆՈՐ ԵՐԳ ՄԸ ՁԱՅՆԱԳՐԱԾ Է

Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան, մի քանի սերունդներու խորհրդանիշ Ալէն Տըլոն 83 տարեկանին նոր երգ մը ձայնագրած է: Այս մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», արձագանգած է Closer հանդէսը:
«Ձայնագրութիւնը կ՚ապացուցանէ, որ դերասանը 83 տարեկանին տակաւին լի է եռանդով», կը նշէ հանդէսը: Յօրինումը կը կոչուի Je n՚aime que toi («Ես միայն քեզ կը սիրեմ»), որուն խօսքերը գրած է ֆրանսուհի Ճուլիա Փարի, իսկ երաժշտութիւնը՝ գանատացի հեղինակ Ռիք Էլիսըն: Երգի ձայնագրման աշխատանքը կատարուած է Փարիզի Studio Saint Germain-ի մէջ:
Երգի հոլովակին պատկերուած է Ալէն Տըլոն ինք՝ ձայնաշխատանոցին մէջ՝ յօրինման ձայնագրման գործընթացին: Ցած, սրտայոյզ ձայնով ան կ՚արտաբերէ երգի բառերը, որ այնքան ալ նման չէ երգի. աւելի շատ ան յուզիչ նամակ է սիրոյ մասին:

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2019