ԱՆԻ ՔԻՒՐՏԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՄԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի յայտնի դէմքերէն Անի Քիւրտեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ արժանացած է պարգեւի մը։ Ան «Բարութեան եւ առաջնորդութեան մրցանակաբաշխութեան» շրջանակին մէջ ստացած է յուշանուէր մը։ Հարկ է նշել, որ Անի Քիւրտեան եւ ամուսինը՝ Գրիգոր Քիւրտեան երկար ժամանակէ ի վեր գործարարութեամբ կը զբաղին Հայաստանի մէջ։

Սոյն մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպուած է՝ Կանանց եւ երիտասարդութեան աջակցութեան ու զարգացման կեդրոնի եւ Միջազգային գործարար յարաբերութիւններու խթանման խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021