ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ԹԷԵՒ ՀՐԱԴԱԴԱՐ Է, ԲԱՅՑ կըը ՐԱԶՄԸ ՉԷ ԱՒԱՐՏԱԾ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Նուրսուլթան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ-Ճէօմերթ Թոքայեւի, նախկին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի, ինչպէս նաեւ երկրի խորհրդարանի ղեկավարութենէն եւ կառավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։

Կը հաղորդուի, որ Նուրսուլթանի մէջ Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցած է տեղւոյն հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք ըստ էութեան Ղազախիստանէ ներս գործարար աշխատանք կը ներկայացնեն։ Այս հաւաքոյթի ընթացքին Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստանի այժմու հրատապ օրակարգին։ Ան նշեց, որ ներկայիս թէեւ ինչ-որ առումով հրադադար հաստատուած է, բայց պատերազմը չէ աւարտած։ Չկայ պայմանագիր մը եւ չկայ խաղաղութիւնը։ «Յայտնի չէ՝ ո՞ւր պիտի երթանք Արցախի կարգավիճակի ուղղութեամբ, ե՞րբ պիտի սկսին եւ ի՞նչ ընթացք պիտի ունենան բանակցութիւնները։ Ինչպէ՞ս պիտի ձեւաւորուին ապագայ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին։ Վստահ եմ, բոլորդ գիտէք, թէ սա ի՛նչ զգայուն հարց մըն է ո՛չ միայն սահմանամերձ շրջանի բնակիչ մեր քաղաքացիներուն համար, այլեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, ամբողջ հայ ժողովուրդին համար։ Ամէն օր նոր հարցեր կը յառաջանան եւ այդ հարցերը շատ զգայուն են իւրաքանչիւրին համար։ Շատ մեծ խնդիր է Ատրպէյճանէ ներս գերութեան մէջ գտնուող մեր զինուորներու հարցը։ Հայաստան Ատրպէյճանի գերիները վերադարձուցած է, իսկ Ատրպէյճան այդ բանը չ՚ըներ եւ կը փորձէ որպէս խաղաքարտ օգտագործել զանոնք։ Սա բացարձակ անընդունելի է։ Կան նաեւ տնտեսական մեծ դժուարութիւններ։ Տնտեսութեան վերականգնման մասին պէտք է մտածել, պէտք է ծրագրել, պէտք է աշխատիլ, աշխատիլ ամէն օր», ըսած է Արմէն Սարգսեան։

Մօտալուտ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան անդրադառնալով՝ Արմէն Սարգսեան ընդգծած է, որ կայ միայն մէկ ճանապարհ՝ բոլորը պէտք է իրարու հետ աշխատին։ «Բաժանուած Հայաստանը պիտի չկարողանայ յաղթահարել այսօրուայ իրավիճակը», նշած է ան։

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021