ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՏՔԹ. ՌԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԸ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Արդէն տարի մը անցած է այն տխուր թուականէն ի վեր, երբ երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առաւ սփիւռքահայ երախտաշատ գործիչ, բազմավաստակ բժիշկ հոգելոյս Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ան բիւր յարգանքով կ՚ոգեկոչուի, անսահման կարօտով կը վերյիշուի այս շրջանին՝ որպէս բարեյիշատակ անձնաւորութիւն եւ հայութեան նուիրեալ զաւակ։ Հանգուցեալ բժիշկ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի մասնագիտական անգնահատելի ծառայութիւնները, ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս բերած վիթխարի սպասաւորութիւնը ժամանակներու մէջ կը բիւրեղանան իրենց նշանակութեամբ, տարողութեամբ ու կը վերածուին պատգամի՝ սերունդներու ճանապարհը լուսաւորելու համար հարազատ ժողովուրդի նկատմամբ հաւատարմութեան, նուիրումի, յանձնառութեան տեսակէտէ։ Ամերիկահայ մամուլը այս շրջանին զանազան հրատարակութիւններով կ՚արժեւորէ լուսահոգի տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի անթառամ յիշատակը։ Իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ստորեւ կ՚արտատպենք «Հայրենիք»ի մէջ լոյս տեսած գրութիւնը։

*

«Երբեք չմոռնանք, որ մենք հայ ենք։ Մեզ իրար կը կապէ այն, որ նոյն ազգին կը պատկանին։ Մեր երակներուն մէջ հոսող արիւնը զատորոշող եւ իւրայատուկ է։ Շատ սուղ արժող սխալ կ՚ըլլայ զայն ներարկել նախանձով, թշնամութեամբ եւ հակառակութեամբ»։

Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան

Իրական բժիշկ մը չի բնորոշուիր իր մասնագիտութեան ընտրութեամբ, որովհետեւ զայն իսկապէս բնորոշողը յաւերժական խթանն է՝ օգնելու ուրիշները, յանձնառութիւնը՝ մարդոց հետ կարեկցանքով, սիրով եւ յարգանքով վերաբերելու։

Մայիս 27, 2021-ին տարելիցն էր տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանին (1938-2020), որուն յիշատակը ոգեկոչուեցաւ ընտանեկան անմիջական պարագաներուն մասնակցութեամբ, Նիւ Եորքի Ս. Վարդանանց հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած յատուկ եկեղեցական արարողութեամբ՝ նախագահութեամբ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըգեանի եւ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի։

Անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով տքթ. Յովհաննէսեանի ընտանիքը ստանձնեց յանձնառութիւնը երկու ֆոնտերու, զորս իր կեանքին ընթացքին հիմնադրած էր բժիշկը, եւ որոնք նուիրուած են կարեւոր առաքելութիւններու։ Առաջինը 1986 թուականին հաստատուած՝ «Կղերականներու հոգեւոր բարձրագոյն կրթութեան հիմնադրամ»ն է, Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր եղբայրներուն յատուկ։ Երկրորդը, 2020-ին՝ յետմահու, «Բժշկական կրթութիւն՝ Արցախի բժիշկներու եւ առողջական բնագաւառի մասնագէտներու» ֆոնտն է։

Տքթ. Յովհաննէսեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով, անոր կողմէ 1986 թուականին հիմնադրուած առաջին առաքելութեան համար ընտանիքը յատկացուց 100 հազար ամերիկեան տոլար՝ «Տքթ. Ռաֆֆի Ա. եւ Վիքի Շողակ Յովհաննէսեան հիմնադրամ»ի ֆոնտէն, որպէսզի անիկա տրամադրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւորականներու բարձրագոյն կրթութեան։

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ըսաւ. «Իր ամբողջ կեանքին, տքթ. Յովհաննէսեան տեսլականը ունեցաւ իր ճիգերը կեդրոնացնելու հոգեւորականներու բարձրագոյն կրթութեան խթանման վրայ, որովհետեւ ան խորապէս կը հաւատար, թէ իր այս ջանքերը պիտի ամրապնդեն քարոզելու կարողականութիւնը եւ հոգեւորականներու պատրաստուածութիւնը՝ հաւատքը տարածելու ժողովուրդին մէջ եւ երիտասարդները ներգրաւելու եկեղեցական կեանքին մէջ»։

2020 թուականի մայիսի 27-ին՝ անոր մահուան թուականէն ի վեր, «Տքթ. Ռաֆֆի Ա. եւ Վիքի Շողակ Յովհաննէսեան հիմնադրամ»ի ֆոնտին կողմէ կղերականներու բարձրագոյն կրթութեան համար, այս վերջին յատկացումով, այս նպատակով տրամադրուած ընդհանուր գումարը բարձրացաւ 220 հազար ամերիկեան տոլարի՝ 2020-2021 թուականներուն։

Ասոր առընթեր, 2011 թուականին տքթ. Յովհաննէսեան նախաձեռնեց Երեւանի մէջ, իսկ աւելի վերջ Արցախի մէջ բժշկական կրթութեան ջամբումին՝ բժիշկներու եւ առողջապահական մարզին մէջ գործողներու։ Այս մէկը իրականացաւ, երբ ան Ամերիկահայ առողջապահական մասնագէտներու կազմակերպութեան անդամ էր՝ իր մտերիմ բարեկամ Նազար Նազարեանի հետ՝ Հայ օգնութեան ֆոնտէն Գառնիկ Նանկուլեանի ղեկավարութեամբ։ Սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մէջ Հայ օգնութեան ֆոնտի բժշկական բոլոր ծրագիրները իրականացան տքթ. Համբարձում Սիմոնեանի նուիրեալ ծառայութեամբ։

Յետ մահու, անոր ընտանիքը հիմնադրեց Հայ օգնութեան ֆոնտի «Տքթ. Ռաֆֆի Ա. Յովհաննէսեան կրթական հիմնադրամ»ը, որպէսզի անոր միջոցով շարունակուի բժիշկին տեսլականը Արցախի մէջ եւ իբրեւ անոր կողմէ ժառանգութիւն՝ Երեւանի եւ Արցախի մէջ բժշկական մասնագէտներու պատրաստութեան ընթացքը երաշխաւորուի։

Անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով, բժիշկին ընտանիքը 25 հազար ամերիկեան տոլարի յատկացում կատարեց Հայ օգնութեան ֆոնտի «Տքթ. Ռաֆֆի Ա. Յովհաննէսեան կրթական հիմնադրամ»ին։ Ընտանիքին փափաքն է վառ պահել անոր առաքելութիւնն ու ներդրումը՝ Երեւանի եւ Արցախի մէջ շարունակելով այդ հոգեւոր եւ բժշկական վեհ առաքելութիւնը, զոր ան կ՚ուզէր երաշխաւորել ամէն պարագայի ալ, նոյնիսկ նախքան սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմը։

Աներկբայօրէն, տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանին անունը պիտի յիշուի պատիւով՝ իր կենդանութեան օրով թէ մահէն ետք։ Իր կենդանութեան ան արժանացաւ բազմաթիւ մրցանակներու՝ աշխարհի զանազան կառոյցներու կողմէ։ Ան երախտապարտ էր նման գնահատանքներու, յատկապէս շոյուած զգաց, երբ ինք ու իր կինը՝ Շողակը, արժանացան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատուաւոր «Էլիս Այլընտ» շքանշաններուն, զորս ստանձնեցին ամենայն խոնարհութեամբ։ Ռաֆֆին աշխատանքի մղելու աղբիւրը երբեք անուան տիրանալը չեղաւ, այլ ան ի մտի ունեցաւ իր կեանքը լեցնել ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ, ինքնին աշխատանքով՝ նպատակադրելով դրական փոփոխութիւն մը տեսնել ուրիշներուն մօտ, յատկապէս՝ իր ժողովուրդին։

Զարմանալի չէ, որ իբրեւ բժիշկ, տքթ. Յովհաննէսեան միշտ հետամուտ եղաւ իր հայրենակիցներու առողջութեան եւ բարեկեցութեան ապահովման։ Արդարեւ, Քրիս Զաքեանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ըսաւ. «Երբեք չմոռնանք, որ մենք հայ ենք։ Մեզ իրար կը կապէ այն, որ նոյն ազգին կը պատկանին։ Մեր երակներուն մէջ հոսող արիւնը զատորոշող եւ իւրայատուկ է։ Շատ սուղ արժող սխալ կ՚ըլլայ զայն ներարկել նախանձով, թշնամութեամբ եւ հակառակութեամբ»։

Անոր մահէն տարի մը ետք տքթ. Ռաֆֆիին խօսքերը եւ կեանքին օրինակը աւելի քան երբեք այժմէական դարձան, որովհետեւ ամբողջ հայութիւնը կը փնտռէ իմաստուն խորհուրդներու ձայնը՝ միաւորուելու, ոգիով բարձրանալու եւ իր ձգտումները ուղղելու դէպի իսկապէս արդիւնաւէտ նպատակներ. նպատակներ, որոնք ամբողջ ժողովուրդը կը բարձրացնեն ու կ՚ազնուացնեն եւ որոնք կարեւոր են մեր ընդհանուր ժառանգութեան։

Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի յիշատակին կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոս Ֆընտըգեան խօսքը ուղղելով ընտանեկան պարագաներուն՝ ըսաւ. «Խոր ցաւ է, որ նման ժամանակներու Ռաֆֆին անձամբ այլեւս մեզի հետ չէ, որպէսզի անկեղծօրէն խօսէր (ինչպէս միշտ ըրաւ) մեր ներկային մասին եւ օգնէր, դիմագրաւելու մեր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները՝ իբրեւ աշխարհական անձ մը»։ Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ Ռաֆֆիին հեղինակութիւնը՝ այս նիւթերուն մասին խօսելու, կը բխի անոր խոհեմութենէն, խոնարհութենէն եւ եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրէն։

Այնուամենայնիւ, անոր ձգած ժառանգը ինքնին առաջնորդող ձայն է, անոր կեանքը օրինակ է հայրենասիրութեան, կարեկցանքի եւ քրիստոնէական սկզբունքներուն կառչածութեան։ Բժիշկին մտածուած դեղագիրը՝ բուժելու այն տառապանքները, որոնց դէմ մենք կը պայքարինք այսօր։

Թող անոր ժառանգութիւնը առաջնորդող լոյս ըլլայ երիտասարդ սերունդներուն համար։

Թող հանգչի խաղաղութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021