ԱՂՄԿԱՐԱՐ ԲԱՆԱՁԵՒ

Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ վերջին տարիներուն ծագած անհաղորդ վիճակը հետզհետէ կը խորանայ։ Այս առումով երէկ մտահոգիչ ուրիշ իրադարձութեան մը լուրը հասաւ Սթրազպուրկէն։ Այսպէս, Եւրոպական խորհրդարանը առաջին անգամ ընդունեց որոշում մը, որով հաւանութիւն տուաւ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ լիիրաւ անդամակցութեան բանակցութիւններու կասեցման։

Եւրոխորհրդարանի մօտ երէկ քուէարկութեան դրուեցաւ՝ հոլանտացի խորհրդարանական Քեթի Փիրիի կողմէ պատրաստուած բանաձեւ մը։ Այս փաստաթուղթը Եւրոխորհրդարանի հաւանութեան արժանացաւ՝ խորհրդարանականներու քուէներու մեծամասնութեամբ։ Այսպէսով, 2005 թուականէն ի վեր առաջին անգամ Եւրոմիութեան կառոյցներէն մին պաշտօնապէս կոչ ուղղեց՝ որպէսզի անդամակցութեան թեկնածու երկրի մը հետ կասեցուին բանակցութիւնները։

Եւրոխորհրդարանի այս որոշման հիմք ծառայեց Ապրիլի 16-ի հանրաքուէով ընդունուած սահմանադրութեան փոփոխութիւններու ծրարը։ Երէկ ընդունուած բանաձեւին մէջ այդ ծրարին ակնարկութիւն կատարուեցաւ ու շեշտուեցաւ, որ եթէ այդ մէկը առանց փոփոխութեան մտնէ գործադրութեան մէջ՝ ապա Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները պէտք է առկախուին անմիջապէս ու պաշտօնապէս։ Եւրոխորհրդարանը համապատասխան կոչը ուղղած է Եւրոմիութեան անդամ քսանութ երկիրներուն եւ Եւրոյանձնաժողովին։

Բանաձեւին մէջ առաջին անգամ ընդգրկուած է նաեւ արտայայտութիւն մը, ըստ որու Անգարայի ղեկավարութիւնը կը ջանայ վերահսկել եւրոպաբնակ թրքական հաւաքականութիւնը։ Մինչ այս հանգամանքի վտանգները մատնանշուած են բանաձեւին մէջ, Անգարայէն կը պահան-ջըւի հրաժարիլ այս դիրքորոշումէն։ Ռուսաստանի հետ համագործակցութեամբ Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած Աքքույուի հիւլէակայանի ծրագրէն ալ հրաժարելու հրաւիրուած է Անգարա։

Եւրոխորհրդարանի այս որոշումը ունի խորհրդատուական բնոյթ։ Ան պարտադիր ուժ չունի։ Անցեալ Նոյեմբերին ալ Եւրոխորհրդարանը Թուրքիոյ պարագային ընդունած էր նման որոշում մը, սակայն Եւրոմիութեան խորհուրդը ընթացք չէր տուած այդ որոշման։ Եւրոյանձնաժողովն ալ ներկայիս մտադիր ըլլալ չի թուիր Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւններու կասեցման ուղղութեամբ։

Սթրազպուրկի մէջ սոյն բանաձեւի ընդունուած օրը Անգարայի մէջ շփումներ ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մին։ Այսպէս, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով կոմիասար Եոհաննէս Հահն ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի մէջ։ Յանձնակատարը Եւրոխորհրդարանի նիստէն առաջ յայտարարեց, որ այդ մէկը Եւրոպայի հիմնական երեք կառոյցներէն մին է եւ անդամները կը բաղկանան այնպիսի անձերէ, որոնք Եւրոպայի ժողովուրդներու տեսակէտները կը ներկայացնեն։ Ուստի, անկարելի է Եւրոխորհրդարանի որոշումները անտեսել։ Հահն համոզուած է, որ վիճայարոյց նիւթերը այս ծիրին մէջ ձեռք առնուին։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ յառաջիկայ շրջանին շփումները պիտի խտանան։ «Թուրքիա Եւրոմիութեան տեսակէտէ չափազանց կարեւոր ռազմավարական գործընկեր մըն է», ըսաւ Հահն Անգարայի մէջ։

Միւս կողմէ, Եւրոխորհրդարանի երէկուան որոշման կապակցութեամբ Անգարայի ղեկավարութիւնը հանդէս եկաւ բուռն հակազդեցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, ԵՄ-ի գծով նախարար Էօմէր Չելիք բողոք յայտնեցին որոշման դէմ ու շեշտեցին, որ այդ մէկը չեղեալ կը համարուի Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ այս որոշումը ակըն-յայտօրէն պիտի չնպաստէ կողմերու յարաբերութիւններուն։ Արդարեւ, Եւրոխորհրդարանը անհիմն պնդումներու եւ զրպարտութիւններու հիման վրայ առած է այս որոշումը։

Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2017