ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՉՈՒՆՔ
Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Ապագայ սերունդներու հիմնադրամ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 1-ին Շուշիի մէջ սկսած է «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային կոչունքը (symposium):
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան ըսած է, որ «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային կոչունքին Հնդկաստանէն, Եգիպտոսէն, Սերպիայէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն կը մասնակցի տասն քանդակագործ:
«Մասնակիցները Ասկերանի շրջանի Սզնէք գիւղէն բերուած մարմարացուած կրաքարերու վրայ տարբեր քանդակներ կը կերտեն։ Աւարտելէ ետք՝ անոնք պիտի տեղադրուին Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանին կից «Քանդակներու պուրակ»ին մէջ», նշած է Լուսինէ Գասպարեան: Կան մասնակիցներ, որոնք երկրորդ անգամն է կը մասնակցին կոչունքին:
«Այս կոչունքին առանձնայատկութիւնը այն է որ, մէկ անգամ այցելելով Արցախ եւ մասնակցելով ձեռնարկին՝ յաջորդ տարիներուն իրենք, անպայման, մասնակցութեան յայտեր կը ներկայացնեն. ատիկա միանշանակ, շատ կարեւոր է: Իրականացած չորս կոչունքներուն ժամանակ քանդակագործներ ունեցած ենք Պելժիայէն, Սպիտակ Ռուսիայէն, Խրուաթիայէն, Զուիցերիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ճաբոնէն, Չինաստանէն, Լեհաստանէն եւ շատ այլ երկիրներէ: Միայն Իտալիայէն մասնակցած է տասնինն աշխարհա-հըռչակ քանդակագործ», աւելցուցած է Գասպարեան:
Սերպիացի քանդակագործը, իր հերթին նշած է, որ ինք առաջին անգամ կ՚այցէ Արցախ։ «Շատ գեղեցիկ երկիր մըն է Արցախը, ուր մարդիկ շատ բարի են ու հիւրասէր: Ես զարմացած եմ, որ այսպիսի փոքր քաղաքը, ինչպէս Շուշին, ունի նման մշակութային կեդրոններ։ Անոնք բաւական լաւ հարթակ են՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու մշակութային գործիչները համախմբելու եւ միաւորելու համար: Պատմութեան գիրք կը քանդակեմ, անիկա պիտի ներկայացնէ գիտութեան եւ մշակոյթի շերտերը։ Ըսեմ, որ ստեղծագործելու ժամանակ ներշնչանք ստացած եմ հայկական մշակոյթէն», ըսած է քանդակագործը:
Եգիպտացի քանդակագործը, խօսելով իր տպաւորութիւններուն մասին, նշած է, որ ինք շատ ուրախ է նման գեղեցիկ ձեռնարկի մը մասնակցելուն համար եւ բաւական տպաւորուած է Արցախով եւ արցախցիներով: «Դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ ունիք այսպիսի հիանալի երկիր: Ես որոշած եմ պատրաստել իւրայատուկ քանդակ-ճեպանկար մը եւ զայն սիրով նուիրել ձեզի՝ ձեր հրաշք երկրին: Ես այցելած եմ նաեւ Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին: Այստեղ մարդիկ խաղաղ են, ուրախ: Ես զիս այստեղ անվտանգ կը զգամ», անկեղծացած է եգիպտացի քանդակագործը:
Հնդիկ քանդակագործը ըսած է, որ ինք առաջին անգամ Արցախ եկած է 2014 թուականին։ «Այստեղ բարի եւ կամեցող մարդիկ կ՚ապրին։ Արցախի մէջ ոգի կայ: Ես Արցախի մէջ արդէն ընկերներ ունիմ: Զարմանալին այն է, որ ես արցախցիներու եւ հնդիկներու միջեւ նմանութիւններ կը նկատեմ, նոյնիսկ կան բառեր, որոնք իրարու շատ նման են: Ես շատ հաւնած եմ ձեր ճաշատեսակները՝ բազմազան ու համեղ են անոնք», ըսած է ան:
Հնդիկ այլ քանդակագործ մը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Արցախի մէջ, իր տպաւորութիւնները կիսելով՝ ըսած է. «Հիասքանչ բնութիւն ունիք: Ես զբօսնած եմ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ. տպաւորութիւնս այնպիսին է, թէ ես Եւրոպայի մէջ եմ: Արցախի մասին լսածս տեսածիս հետ չի համապատասխաներ: Իրականութեան մէջ այստեղ մարդիկ կ՚ապրին կը ստեղծագործեն, կ՚արարեն, ամէնուր կեանքը կը յորդի: Ասիկա երկիր մըն է, ուր զբօսաշրջիկները կրնան ապահով ու անվտանգ զգալ եւ լիարժէք հանգստանալ»:
Կոչունքի մասնակիցներուն չի հետաքրքրեր, որ իրենք կրնան յայտնուիլ Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ: Անոնք այն կարծիքը ունին, որ մշակոյթը կրնայ օգնել տարբեր ազգերու մերձեցման:
Միւս կողմէ, Յուլիսի 20-ին, տեղի պիտի ունենայ «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային կոչունքի փակման արարողութիւնը: