ԹԻԼԸՐՍԸՆ ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն այս շաբաթավերջին պիտի գայ Թուրքիա։ Կիրակի, 9 Յուլիսին, Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային նաւթի համաժողովը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարն ալ պիտի գտնուի այս հաւաքի մասնակիցներու շարքին։ Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Ռեքս Թիլըրսըն առանձին հանդիպում մըն ալ պիտի ունենայ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։

Այսպէսով Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւններուն միջեւ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ տեղի պիտի ունենան։ Արդարեւ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ այս օրերուն Համպուրկի մէջ կը մասնակցի Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովին, որու ծիրէն ներս նախատեսուած է հանդիպումը ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը ներկայիս յարմար եզր մը կը փնտռէ՝ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ Թուրքիոյ ի նպաստ աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ Ամերիկեան կողմը այս ամբողջին մէջ կը նախատեսէ ձեռք առնել շարք մը նախազգուշական միջոցներ, որոնք Արեւմուտքի մէջ ՓՔՔ-ի գանձատրման միջոցները պիտի կասեցնեն։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Սուրիոյ եւ Քաթարի իրադարձութիւններն ալ այս օրերուն թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններու օրակարգին վրայ տեղ կը զբաղեցնեն առաջնահերթօրէն։ Թիլըրսընի մօտալուտ այցելութեան ընթացքին թրքական կողմին պիտի փոխանցուի այն պատգամը, որ Աֆրինի պարագային միջամտութիւն մը ուշադրութեան կեդրոնացումը պիտի ցրէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի շրջագծով։ Ուաշինկթըն ունի նաեւ այլ մտահոգութիւն մը։ Այսպէս, Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու կազմէն ներս ԵՓԿ-ի գոյութեան դէմ։ Ներկայիս, երբ Ռաքքայի ազատագրման խնդիրը կը դառնայ հետզհետէ աւելի առաջնահերթ, Թուրքիայէն բարձրացուած բողոքի ձայները եւ Թուրքիոյ կողմէ առնուած քայլերը կ՚անհանգստացնեն ամերիկեան կողմը։ Յամենայնդէպս, այս նիւթին վերաբերեալ Անգարա որդեգրած է վճռական դիրքորոշում մը։ Ներկայիս, ամերիկեան կողմը կը ծրագրէ ԵՓԿ-ի զօրքերուն ուղարկուած զէնքի ու զինամթերքի ցուցակները կանոնաւոր պարբերութեամբ բաժնել Թուրքիոյ հետ։ Ուաշինկթըն թրքական կողմէն կ՚ակնկալէ՝ խուսափիլ այնպիսի միջամտութիւններէ, որոնք Ռաքքայի պատերազմի պարագային կրնան փոփոխութեան ենթարկել հաւասարակշռութիւնները։

ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան իրաւասուները կը մատնանշեն, որ Սուրիոյ մէջ ծայր աստիճան բարդ պատերազմ կ՚ընթանայ, հետեւաբար դաշտի վրայ առկայ հաւասարակշռութիւններու առումով ամերիկեան կողմը կը ձգտի իր դաշնակիցներուն հետ անմիջականօրէն համակարգել ամէն ինչ։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այս շրջանին կ՚ակնկալէ նաեւ, որ Քաթարի տագնապին շուրջ Թուրքիա խուսափի հրահրելէ լարուածութիւններ։

Միւս կողմէ, Թիլըրսըն G-20-ի գագաթաժողովին համար դէպի Համպուրկ ուղեւորուելէ առաջ անակնկալօրէն յայտարարեց, թէ Ռուսաստանի հետ պիտի քննարկեն Սուրիայէ ներս թռիչքներու համար փակ գօտիներու ստեղծման նիւթը։ 

 

Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2017