ՀԱՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Աշխարհի ամենազարգացած քսան տնտեսութիւններով երկիրներու ղեկավարները այս առթիւ կը հիւրընկալուին Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի կողմէ։ Միջազգային օրակարգի գրեթէ բոլոր հրատապ հարցերը սեղանի վրայ կը դրուին Համպուրկի մէջ։ Թէ՛ բազմակողմանի եւ թէ երկկողմանի ձեւաչափի մէջ այդ բոլոր խնդիրները խոշորացոյցի տակ կը բերուին ամենայն մանրամասնութեամբ։

G-20-ի գագաթաժողովի սկիզբէն անմիջապէս առաջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ մեկնեցաւ Համպուրկ։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, ան իր ժամանումէն անմիջապէս վերջ տեսակցեցաւ Անկելա Մերքէլի հետ։ Էրտողան-Մերքէլ տեսակցութիւնը ունի մեծ կարեւորութիւն, որովհետեւ Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջաններուն յաճախակիօրէն կը ծագին լարուածութիւններ։ Այդ բոլոր խնդիրներուն վրայ նոր մըն ալ աւելցաւ՝ երբ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան փափաքեցաւ Համպուրկի կեցութեան շրջանին հանրահաւաք մը իրականացնել գերմանաբնակ թուրքերու հետ։ Մերձակայ զանազան շրջաններու իշխանութիւնները չարտօնեցին նման հանրահաւաքի մը կազմակերպուիլը։ Գերմանական իշխանութիւնները նոյնիսկ թոյլ չտուին, որպէսզի Համպուրկի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսութեան տարածքէն ներս իրականացուի այդպիսի հանդիպում մը։ Այս բոլորը Էրտողանի Համպուրկ ուղեւորութեան ընդառաջ յաւելեալ լարուածութեան պատճառ դարձան։

Ահա այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ Էրտողանի եւ Մերքէլի տեսակցութիւնը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան-Մերքէլ զրոյցին ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը։ Դռնփակ զրոյցին ընթացքին նախագահը ուշադրութիւն հրաւիրեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ միջազգային համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ։ Անգարա այս շրջանին անհանգստութիւններ ունի Գերմանիոյ կողմէ ՓՔՔ ահաբեկչութեան կազմակերպութեան դէմ որդեգրուած դիրքորոշման շուրջ։ Բաց աստի, թրքական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Պերլին քայլերու ձեռնարկէ՝ Թուրքիայէն խոյս տուած ՖԵԹԷՕ-ականներու արտայանձնման ուղղութեամբ։

Մերքէլի հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան միեւնոյն ժամանակ դառնութիւն յայտնեց Համպուրկի մէջ իր նախատեսուած ելոյթի խոչընդոտման եւ վերջերս Պերլինի մէջ իրեն դէմ սանձազերծուած շարք մը չափազանց բողոքներու պարագային ցուցաբերուած հանդուրժողութեան համար։

Բաց աստի, Էրտողան երէկ երեկոյեան Համպուրկի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի հետ։ Այսօր եւ վաղը G-20-ի գագաթաժողովի ծիրին մէջ ան կը հետեւի խտացեալ ժամանակացոյցի մը։ Համպուրկի մէջ Էրտողան կը մասնակցի զանազան ձեւաչափերով քննարկումներու, որոնք կը վերաբերին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, համաշխարհային զարգացման եւ առեւտուրի, տեւական զարգացման, կլիմայի եւ ուժանիւթի։ Ան կ՚ունենայ նաեւ շարք մը կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2017