ՀԵՐՊԵՐԹ ԶԱԼՊԷՐ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Յառաջիկայ շրջանին ան պիտի աւարտէ իր առաքելութիւնը եւ իրականութեան մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան հրաժեշտ տալու համար մեկնած էր Երեւան, սակայն քանի որ իր շփումները Արցախի ճակատի հերթական լարուածութեան օրերուն համընկնեցան՝ քննարկումները կեդրոնացան այդ հարցին վրայ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, օրուան տեւողութեան Հերպերթ Զալպէր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ հակամարտութեան գօտիի վերջին զարգացումներուն։ Սարգսեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր սադրիչ քաղաքականութիւնը՝ լարուածութիւնը բարձրացնելով եւ անտեսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կոչերը։ Եդուարդ Նալպանտեանն ալ ներկայացուց Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ ստեղծուած վերջին իրավիճակը։

Մինչ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան երէկ յայտարարեց, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ իրավիճակը վերահսկելի է։

Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2017