ԸՍՏ ԻԿՈՐ ՓՈՓՈՎԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտնեց, որ յառաջիկային կը ծրագրուի հանդիպում մը կազմակերպել Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը ըսաւ. «Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի զգայնութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տակաւին կը խուսափին այս նիւթին շուրջ որեւէ հրապարակային յայտարարութենէ։ Երրեակի համապատասխան յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ծրագրուող հանդիպումէն վերջ։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ այդ հանդիպման ժամկէտները յառաջիկային պիտի հրապարակուին»։

Իկոր Փոփով ընդգծեց, որ հարցի նրբութեան հիման վրայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը ներկայիս նպատակայարմար չի նկատեր հրապարակային խօսիլ բանակցութիւններու ներկայ փուլին շուրջ։ Համանախագահները այժմ կը պատրաստեն արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Փոփով նշած է, որ այդ հանդիպումը տեղի կրնայ ունենալ շուտով։

Մինչ այդ, Զօհրապ Մնացականեան երէկ ընդունեց Անգլիոյ Արտաքին գործոց ու համագործակցութեան նախարարութեան մշտական քարտուղար Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Զօհրապ Մնացականեան ողջունեց Լոնտոնի աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն։ Ան ընդգծեց Հայաստանի յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան՝ միջազգայնօրէն համաձայնեցուած ձեւաչափի շրջանակին մէջ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղութեամբ։ Հայկական կողմին համար Արցախի կարգավիճակի եւ անվտանգութեան հարցերը կը հանդիսանան առաջնահերթութիւն։ Մնացականեան կարեւորեց նաեւ խաղաղութեան հասնելու տեսակէտէ նպաստաւոր մթնոլորտի մը ձեւաւորումը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս Սըր Մաքտանըլտ այցելեց նաեւ Դիւանագիտական դպրոց, ուր ելոյթով մը հանդէս եկաւ ապագայ դիւանագէտներուն առջեւ։

Անգլիացի բարձրաստիճան դիւանագէտը Երեւանի մէջ ընդուն-ւեցաւ նաեւ պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքերու կողմէ։

Շաբաթ, Յուլիս 7, 2018