ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ԱՐՍԻՆԷ ԽԱՆՃԵԱՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Արսինէ Խանճեան անդրադարձան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրի մշակութային եւ հասարակական կեանքին։

Ինչպէս ծանօթ է, Արսինէ Խանճեան վերջին տարիներուն բուռն ձեւով կը խրախուսէր Հայաստանի ընդդիմադիր բոլոր շարժումները եւ անցեալ գարնան թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն ալ մասնակցութիւն բերած էր հանրահաւաքներուն եւ ցոյցերուն։

Մինչ այդ, նախագահ Արմէն Սարգսեան նախընթաց օր ալ հիւրընկալեց ամերիկահայ երաժիշտ Սերժ Թանկեանը, որ նոյնպէս Երեւանի մէջ կը գտնուի այս օրերուն։ Սերժ Թանկեանն ալ մաս կազմած էր՝ Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը խրախուսող սփիւռքահայ արուեստագէտներու շարքին։

Շաբաթ, Յուլիս 7, 2018