ԲԱՆԱԼԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ
Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Օրուան տեւողութեան եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ընդունուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի կողմէ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ժոզէֆ Պորել սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ Թուրքիա ԵՄ-ի հետ սերտ յարաբերութիւններու մէջ է եւ անոնք կը համարուին յուսադրիչ։ Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է յարգուին ԵՄ-ի կողմէ Անգարային տրուած խոստումները։ Այս ամբողջին մէջ Չավուշօղլու կանգ առաւ Մաքսային միութեան այժմէականացումը եւ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացումը։ Ըստ նախարարին, այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունին չափանիշներ եւ Թուրքիա այդ չափանիշներէն 67 հատը արդէն կը բաւարարէ։ Իր խօսքով՝ այդ չափանիշները չբաւարարած բազմաթիւ երկիրներու համար կը ցուցաբերուի ճկունութիւն։ Իսկ Թուրքիոյ պարագային աւելի նախապայմաններ հաստատելը ճիշդ չէ։ Ուստի, Եւրոմիութիւնը այս ուղղութեամբ պէտք է յարգէ իր խոստումները։
Ասուլիսի ընթացքին Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ Թուրքիա կը փափաքի դրական քայլեր տեսնել այն բոլոր ոլորտներու պարագային, ուր ԵՄ խոստումներ տուած է իրեն։ Նախարարը յիշեցուց, որ միջոցէ մը ի վեր Թուրքիա ԵՄ-ի գագաթաժողովներուն չի հրաւիրուիր։ Եւրոպական կողմը առած է նաեւ որոշումներ, որոնք բարձր մակարդակով շփումներն ու երկխօսութիւնը կ՚արգիլեն։ Իրականութեան մէջ, եթէ այդ որոշումները գործադրուէին Թուրքիոյ կողմէ եւ կամ ԵՄ-ի կողմէ առնուած այդ որոշումները յիշեցուէին, ապա Ժոզէֆ Պորելի ներկայ այցելութիւնն ալ պիտի չիրականանար։ «Եթէ ԵՄ Թուրքիոյ դէմ յաւելեալ որոշումներ ընդունի, մենք պիտի պարտաւորուինք փոխադարձել։ Սա օգուտ չունի։ ԵՄ-էն ունինք ակնկալութիւն մը։ Խնդիրներու լուծման ճանապարհին ԵՄ պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ խնդրի կողմը, այլեւ՝ լուծման կողմը», ըսաւ Չավուշօղլու։
Իր կարգին, Ժոզէֆ Պորելն ալ յայտնեց, որ արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները դարձած են ԵՄ-ի ամենակարեւոր խնդիրը։ Թուրքիա ԵՄ-ի համար մօտիկ հարեւանէ մը շատ աւելին է։ «Թուրքիա բանալի գործընկեր մըն է եւ անդամակցութեան թեկնածու երկիր մը։ Յաճախակիօրէն Թուրքիոյ վերաբերեալ ծաւալուն քննարկումներ կը կատարուին», ըսաւ Պորել եւ աւելցուց, որ Արեւելեան Միջերկրականը Եւրոմիութեան տեսակէտէ առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ուստի, այս բնագաւառէն ներս պէտք է աշխատիլ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան շրջանակին մէջ։