ԶՄՄԱՌԷՆ ԾՈՒԽ ՉԵԼԱՒ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդը չյաջողեցաւ ընտրել նոր կաթողիկոս-պատրիարք մը։ Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան, երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէր Ս. Սինոդի նստաշրջանը, որու օրակարգին վրայ էր նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան հարցը։ Քուէարկութեան զանազան փուլեր տեղի ունեցան, սակայն թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չյաջողեցաւ ապահովել անհրաժեշտ քանակութեամբ ձայներ։ Արդարեւ, ըստ կանոնադրութեան, Ս. Սինոդի անդամներու երկու երրորդին քուէն պէտք է ստանայ պատրիարք ընտրուելիք թեկնածուն։ Նկատի ունենալով, որ այժմու Ս. Սինոդին 12 եպիսկոպոս կը մասնակցի, ընտրուելիք թեկնածուն 8 քուէ ստանալու ստիպողութիւն ունի։ Պատրիարքի վախճանումէն վերջ կառավարիչի պաշտօնը ստանձնած Պետրոս Միրիաթեան Գերապայծառի գլխաւորութեամբ ընթացան Ս. Սինոդի ժողովները։ Զանազան անպաշտօն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Հայաստանի վիճակաւոր Ռաֆայէլ Մինասեան Գերապայծառը հասած էր նոյնիսկ մինչեւ 7 ձայնի զօրակցութեան։ Յամենայնդէպս, երկարատեւ նստաշրջանը երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցած նիստով աւարտին հասաւ ապարդիւն։ Երէկուան օրը բեկումնային էր, որովհետեւ արդէն Ս. Սինոդի համար նախատեսուած ժամկէտը պիտի սպառէր։

Այժմ նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը բոլորովին նոր հարթութիւն մը կը թեւակոխէ։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, նստաշրջանի ապարդիւն մնալուն զուգահեռ կառավարիչ Միրիաթեան Գերապայծառ կապ հաստատած է Լիբանանի պապական նուիրակին հետ։ Ստեղծուած կացութիւնը արժեւորուած է եւ ի վերջոյ յանգուած է այն եզրակացութեան, թէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի անդամները պէտք է Վատիկան մեկնին՝ յաղթահարելու համար առկայ թնճուկը։ Այս կէտին վրայ երկու հիմնական գործօն կը պայմանաւորէ ժամկէտներ։ Առաջինը՝ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի առողջական վիճակն է։ Արդարեւ, ան վերջին օրերուն ենթարկուած է վիրահատութեան եւ ներկայիս ապաքինման շրջանէ մը կ՚անցնի։ Սրբազան Պապի առողջութեան վերականգնումէն վերջ հնարաւոր պիտի ըլլայ հայ կաթողիկէ կղերի ներկայացուցիչներուն Հռոմ մեկնիլը։ Բաց աստի, կայ նաեւ երկրորդ գործօն մը, թէ օգոստոսը ընդհանրապէս արձակուրդի ամիս մըն է եւ այդ շրջանին դժուար թէ նման հիմնական խնդիրներու շուրջ քննարկումներ ծաւալուին։ Հաւանական կը համարուի, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցին շուրջ Վատիկանի մէջ նախատեսուած ժողովը մնայ սեպտեմբեր ամսուան։ Այդ պարագային Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ այժմու ժամանակաւոր ղեկավարութիւնը պէտք է օրինականութիւն ունենայ՝ մինչեւ Վատիկանի քննարկումները առաքելութիւնը շարունակելու համար։ Զմմառի շրջանակները հաւանական կը նկատեն, որ Վատիկանի Ս. Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի կատարէ տնօրինութիւն մը՝ երկարաձգելու համար այժմու կառավարիչ Միրիաթեան Գերապայծառի պաշտօնավարութեան ժամկէտը։ Անշուշտ, բազում հաւանականութիւններու մասին կարելի է խօսիլ, սակայն Զմմառի շրջանակներէն հաղոր-դըւած տեղեկութիւնները առաջին հերթին կը վերաբերին ամենահաւանական ու ամենագործնական վարկածներու։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նախընթացներուն մօտէն ծանօթ շրջանակներ կը ջանան ենթադրութիւններ ընել այն մասին, թէ ներկայիս Վատիկան ինչպիսի լուծում մը մատնանիշ կրնայ ընել։ Արդարեւ, Ս. Աթոռը բազմաթիւ հնարաւորութիւններ ունի թնճուկի յաղթահարումը ապահովելու համար։ Այդ հնարաւորութիւններու շարքին է ուղղակիօրէն Ս. Աթոռի տեսակէտէ նախընտրելի անունի մը մատնանշուիլը եւ անոր նշանակումը կամ տեղւոյն վրայ Ս. Սինոդի կողմէ ընտրուիլը։ Հաշուի պէտք է առնել նաեւ այն վարկածը, թէ Վատիկանի Ս. Աթոռը իրաւասութիւն ունի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան կանոնադրութեան մէջ փոփոխութիւն մտցնելու։ Այսինքն, չի բացառուիր, որ Վատիկան օգտուի այդ հնարաւորութենէն եւ միջամտէ կանոնադրութեան այն դրութեան, որով անհրաժեշտ կը համարուի պատրիարք ընտրուելիք թեկնածուին կողմէ երկու երրորդ քուէ ստանալու անհրաժեշտութիւնը։ Կանոնադրութեան փոփոխութիւնով եթէ պարզ մեծամասնութիւնը բաւարար դարձուի, ապա Ս. Սինոդը կրնայ այդ կէտէն սկսեալ ինքնուրոյն լուծել նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը։

Ուստի, այս բոլորի լոյսին տակ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին հարցականներով լեցուն նոր փուլ մը կը թեւակոխէ եւ յայտնի է, որ շուրջ երկու ամսուայ անորոշութեան կամ անցումային շրջան մը պիտի ձգուի անոր առջեւ։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Ս. Սինոդի նստաշրջանին մասակցելու համար Զմմառ մեկնած էր նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուի Լիբանանի մէջ։

Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան դիւանն ալ այս առաւօտ շատ հակիրճ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, որ Ս. Սինոդի երկշաբաթեայ նստաշրջանէն վերջ ընտրութիւնը տակաւին չէ իրականացած։ Այս առաջին փուլէն վերջ գործընթացը պիտի վերսկսի յաջորդելիք փուլին՝ ցնոր տնօրինում։ Դիւանը կ՚ընդգծէ, որ հանրային կարծիքը տեղեակ պիտի պահուի յաջորդելիք իրադարձութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021