ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ԵՒ ՔԸԼԸՉՏԱՐՕՂԼՈՒ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Անգարայի մէջ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղեալ ջանքերը կը շարունակուին։ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի շփումները ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու հանդիպում մը պիտի ունենան յառաջիկայ Երկուշաբթի երեկոյեան։
Յանձնախումբերու մակարդակով տեղի ունեցած միջկուսակցական քննարկումներու արդիւնքներու հիման վրայ՝ Ահմէտ Տավուօղլու եւ Քեմալ Քըլըչտարօղլու կացութիւնը քննարկած են իրենց կուսակցութիւններու պատկան մարմիններուն հետ, իսկ հիմա արդէն կը պատրաստուին իրարու հետ դարձեալ բանակցութիւններ վարելու ապագայի հաւանական զարգացումներուն համար։