Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ «ԱԹԱԹԻՒՐՔ» ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ԱՊԱԳԱՆ

Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ CNN Türk հեռուստակայանէն։ Հաղորդավար Հաքան Չելիքի հարցումներուն պատասխանելով՝ նախարարը բացատրութիւններ տուաւ, որ Իսթանպուլի երրորդ օդակայանի կառուցումէն վերջ ի՞նչ պիտի ըլլայ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանը։ Այս կապակցութեամբ նախարարը շեշտեց, թէ այժմու օդակայանը պիտի օգտագործուի որպէս տօնավաճառներու եւ ցուցահանդէսներու տարածք։ Օդակայանի այժմու համալիրը պիտի տրամադրուի այդ նպատակին։

Երբ երրորդ օդակայանի օգտագործումը սկսի՝ այժմու օդակայանի տարածքը այնպէս մը պիտի արժեւորուի, որ քաղաքը կարենայ շնչել։ Նախարարը երաշխաւորեց, որ այդ տարածքը երբեք շինարարութեան պիտի չբացուի ու խնդրոյ առարկայ չըլլայ, որ այնտեղ կառուցուին առեւտուրի կեդրոն կամ բնակելի շէնքեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2017