ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ

Գալիֆորնիոյ մէջ հայեր ձերբակալուեցան՝ թմրանիւթեր տարածած ըլլալու համար։ News.am-ի հաղորդումներով, Գալիֆորնիոյ մէջ ոստիկանները ձերբակալեցին տասներկու անձեր, որոնց շարքին կը գտնուին հայեր։ Այդ անձերը ձերբակալուած են թմրանիւթերու տարածման համար։ Los Angeles Times-ի կողմէ հաղորդուած մանրամասնութիւններով՝ անոնք առնուազն 2 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ զանազան տեսակի թմրանիւթեր տարածած են սեւ շուկայի եւ շարք մը հիւանդանոցներու մէջ։

Սոյն յանցագործութեան ծիրին մէջ ստեղծուած են կեղծ հիւանդանոցներ, որոնք դեղամիջոցներ դուրս գրած են՝ թմրանիւթեր ստանալու համար։ Ոստիկանութիւնը երեք կասկածեալներ կ՚որոնէ այս ուղղութեամբ։

Պրպենկի բնակիչներ՝ 52-ամեայ Արմէն Սիմոնեան եւ 66-ամեայ Կրիշա Սայաթեան կը մեղադրուին կեղծ հիւանդանոցներ բանալու մէջ։ Սիմոնեան նաեւ դեղամիջոցներ արձանագրած էր այլ բժիշկի մը անունով։

Այս յանցագործութիւններուն փաստաբանական ծառայութիւններ մատուցած էր Կլէնտէյլի բնակիչ 50-ամեայ Ֆրէտ Մինասեան։ Ընդհանուր խումբը ղեկավարած է Էնսինօ քաղաքի բնակիչ 36-ամեայ Մինաս Մաթոսեան։ Այս վերջինը Լոս Անճելըսէ ներս յայտնի է «Մազերաթի Մայք» ծածկանունով։ Ան գտած էր զանազան բժիշկներ եւ զանոնք համոզած՝ գումարի փոխարէն թմրանիւթեր դուրս գրել։

Դէպքին կապակցութեամբ քննութիւնը ընթացքի մէջ է։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2017