ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԾԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ Իրանի վերընտրեալ նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան։ Իրանի խորհրդարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան աշխարհի զանազան երկիրներէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Հասան Ռուհանի պաշտօնական ընդունելութիւն մըն ալ սարքեց՝ ի պատիւ իր երդման արարողութեան առթիւ Թեհրան մեկնած բարձրաստիճան հիւրերուն։

Երդման արարողութեան մասնակցելու առընթեր, Սերժ Սարգսեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հասան Ռուհանի այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սերժ Սարգսեանին՝ իր հրաւէրին ընդառաջ երդման արարողութեան մասնակցած ըլլալուն համար։ Ան ընդգծեց, որ Իրան բարձր կը գնահատէ իր լաւ հարեւան Հայաստանի նախագահի ներկայութիւնը արարողութեան։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը նոր խթան պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ զարգացման՝ հաշուի առնելով նաեւ Հայաստան-Իրան պատմամշակութային ընդհանրութիւնները։

Իր կարգին նախագահ Սարգսեան նշեց, որ ընթացիկ տարին նշանակալից է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Իրանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն առումով։ Հայաստան բարեփոխեալ սահմանադրութեան հիման վրայ իրականացուց խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Իրանի ժողովուրդը ընտրեց գործադիր իշխանութեան ղեկավար։ Տարին նշանաւորուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի բազմադարեան պատմութեան տէր կապերու նորագոյն շրջանի՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանով։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ այս ընթացքին կարելի դարձած է զարգացնել եւ ամրապնդել փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով։ 

Սարգսեան եւ Ռուհանի հանդիպման ընթացքին քննարկեցին ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։ Անոնք համակարծիք գտնուեցան, թէ հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է մեծ ներուժ՝ որու արդիւնաւէտ օգտագործման ուղղութեամբ անհրաժեշտ է շարունակել հետեւողական աշխատանքը։ Նախագահներու համոզմամբ, սա պիտի նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան աշխուժացման եւ ներդրումներու յաւելման։

Նախագահները երկուստեք կարեւորեցին շարք մը բնագաւառներէ ներս ձեռնարկուած խոշոր ծրագրերն ու նոր եւ հեռանկարային նախագծերու իրականացումը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս ուժանիւթի բնագաւառին։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս շեշտը դրուեցաւ կազի եւ ելեկտրական ուժանիւթի վրայ։ Նախագահները կարեւորութիւն ընծայեցին նաեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան բնագաւառներուն նկատմամբ։ Այս ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Իրանի տարածքներով Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու հետ կապող միջանցքային եւ տարանցիկ ուղիներու օգագործումը կարաւորուեցաւ լրջօրէն։ Կարեւորուեցաւ նաեւ կազի եւ ուժանիւթի ոլորտներէ ներս եռակողմանի՝ Իրան-Հայաստան-Թիւրքմենիստան ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացումը։

Կողմերը շեշտը դրին նաեւ Իրանի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի շուրջ շարունակուող բանակցութիւններուն վրայ։ Իրանի նախագահը նշեց, որ ցարդ այդ ուղղութեամբ զգալի քայլեր իրականացուած են եւ մօտաւոր ապագային համաձայնագրի ստորագրումը պիտի ըլլայ բաւական արդիւնաւէտ։

Հասան Ռուհանի բարձր գնահատեց Հայաստանի նախաձեռնութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ ելքի եւ մուտքի արտօնութիւններու չեղարկման մասին, ինչ որ արդիւնաւէտ ու կարեւոր քայլ մը եղած է գործարար կապերու ընդլայնման, տնտեսական գործունէութեան եւ ներդրումային ու զբօսաշրջութեան խթանման տեսակէտէ։

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացը։ Նախագահ Սարգսեան ներկայացուց այդ գործընթացի ներկայ վիճակն ու Հայաստանի դիրքորոշումը՝ հակամարտութիւնը բանակցութիւններու միջոցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս խաղաղ ճանա պարհով լուծելու վերաբերեալ։ Հասան Ռուհանի ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը կրնայ ըլլալ բացառապէս քաղաքական ճանապարհով եւ իր երկրին համար կարեւոր է տարածքաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։

Թեհրանի շփումներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանի հետ էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեան յայտարարեց, որ Իրանի հետ կառուցումը նախատեսուած երկաթուղիին շուրջ ներդրումներու պարագային բանակցութիւններու մէջ քայլ մը առաջ կատարուած է։ News.am կայքէջի հաղորդումներով, վերջին շրջանին նախարարութիւնը վերստին բանակցութիւններ վարած է Տուպայիի մէջ տեղակայուած «Ռասիա» ընկերութեան հետ։ Նախարարը թէեւ մանրամասնութիւններ չներկայացուց, սակայն նշեց, որ յաջողած են քայլ մը յառաջ երթալ։

Հարկ է յիշեցնել, որ ընկերութեան ղեկավարութիւնը նախարարութեան հետ յուշագիր մը ստորագրած էր տակաւին 2013 թուականին։ Այդ ընկերութիւնը արդէն Իրան-Հայաստան երկաթուղիի համար պէտք է նախապատրաստէ թեքնիկատնտեսական հիմնաւորում մը, սակայն այդ մէկը տակաւին չէ ներկայացուցած։ Շինարարութեան արժէքը նախկինին նման կը կազմէ 3.2 միլիառ ամերիկեան տոլար՝ նոր երթուղիի հատուածին համար։ Իրանի սահմանէն մինչեւ Սեւանայ լճի ափամերձ շրջանը պիտի երկարի այդ երթուղին եւ աւելի վերջ պիտի միանայ Հայաստանի երկաթուղային ներկայ ցանցին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2017