ՄԱՆԻԼԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Փիլիպեաններու մայրաքաղաքը՝ Մանիլայի մէջ, ուր երկու նախարարները կը գտնուէին մասնակցելու համար Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 50-րդ ժողովին։ Բացի երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքէն, Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սէրկէյ Լաւրով անդրադարձան միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն՝ մասնաւորապէս Սուրիոյ իրադրութեան։ Նախարարները անմիջական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Սուրիայէ ներս հրադադարին նկատմամբ։ Անոնք առաջնահերթօրէն արծարծեցին նաեւ թռիչքներու փակ, բախումներէ զերծ գօտիներ ձեւաւորելու խնդիրը։ Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սէրկէյ Լաւրով առարկայականօրէն քննարկեցին Սուրիոյ իրադրութիւնը՝ քաղաքական կարգաւորման գործընթացին նպաստելու համատեսքին մէջ։
Միւս կողմէ, վաղը Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ նախատեսուած են Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Երկօրեայ այս քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան Սուրիայէ ներս բախումներէ զերծ գօտիներու ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։
Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ երէկ Մանիլայի մէջ տեսակցելէ վերջ Սէրկէյ Լաւրով յայտնեց, որ թուրք պաշտօնակցին հետ քննարկած է իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները կեանքի կոչելու հարցը՝ Աստանայի գործընթացի շրջանակներէն ներս։ Նոյն ամբողջին մէջ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն հերթական հանդիպումը վաղը պիտի սկսի Թեհրանի մէջ։ Վերոյիշեալ նպատակին ուղղեալ քննարկումները պիտի շարունակուին՝ երաշխաւոր հանդիսացած յիշեալ երեք երկիրներուն միջեւ։ Սէրկէյ Լաւրով յիշեցուց, որ նման երեք գօտիներ արդէն կը գործեն, այժմ աշխատանքները կ՚ընթանան ամենախոշոր ու հաւանաբար ամենաբարդ գօտիին վրայ՝ Իտլիպ նահանգին մէջ։