ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱՅԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամա Օգոստոսի 4-ին նշեց իր ծննդեան 56-րդ տարեդարձը: Օպամա պատմութեան էջերուն մէջ իր տեղը գրաւեց որպէս Միացեալ Նահանգներու սեւամորթ առաջին նախագահ: Ան երկու անգամ՝ 2008 եւ 2012 թուականներուն յաղթական դուրս եկաւ ընտրութիւններէն։ Առաջինին պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը՝ Ճոն Մաքէյնը, իսկ երկրորդին՝ Միթ Ռոմնին:
Ներքին քաղաքականութեան առումով էական էր առողջապահական ոլորտէն ներս իր յառաջ տարած բարեփոխումները, որոնք ստացան իր անունը՝ «Օպամաքէյր»: Պարաք Օպաման նաեւ կ՚աջակցէր երկրի վերականգնուող ուժանիւթային զարգացման:
Արտաքին քաղաքականութեան առումով Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահի կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն էին Իրանի եւ Քուպայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձերը, ինչպէս նաեւ Սուրիա ցամաքային զօրքեր մտցնելու որոշումէն հրաժարումը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Օպամա իր ընտանիքի հետ ծննդեան օրը նշեց Քէյփ Քոտի մօտակայ կղզիներէն մէկուն՝ Martha՚s Vineyard-ի մէջ։