ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՊԱՅՔԱՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման արձագանգները կը շարունակուին։ Այս խնդրին ծալքերը անմիջականօրէն կը զբաղեցնեն երկրի օրակարգը։ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները պատկան դատական մարմիններուն դիմումներ ներկայացուցած են՝ որպէսզի անոր հսկողութեան տակ պահուելու միջոցը փոխուի, այսինքն նախկին ղեկավարը դուրս գայ բանտէն։ 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած եւ տասն զոհ խլած արիւնալի դէպքերուն հետեւանքով բանտարկուած է Ռոպերթ Քոչարեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր փաստաբաններէն Արամ Օրբէլեան տեղեկացուց, որ իրենց վերաքննիչ բողոքը պիտի քննուի 9 օգոստոսին, ժամը 12.00-ին։ Հարկ է նշել, որ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ իր բանտարկութեան վերջ տալու ակնկալութեամբ բազմաթիւ երեսփոխաններ տուած են ստորագրութիւն։ Նախկին նախագահի բանբերը՝ Վիքթոր Սողոմոնեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ցարդ 46 երեսփոխան ստորագրութիւն տուած է ի նպաստ Ռոպերթ Քոչարեանին։ Այդ 46 երեսփոխանին 42-ը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութենէն է, երեքը դաշնակցական է, մէկ հատն ալ՝ «Ծառուկեան» խմբակցութենէն։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը երէկ պաշտօնապէս հաստատեց, որ ստացած է Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ երեսփոխաններու երաշխաւորագիրը։

Մինչ Քոչարեանի պարագային կը սպասուի Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանի որոշման, իր բանբերն ու փաստաբանները վերջին օրերուն դարձեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկան՝ քննադատութիւններ հասցէագրելով նաեւ Յատուկ քննչական ծառայութեան։ Այդ բոլորին լոյսին տակ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան վստահեցուց, թէ մարտի 1-ի դէպքերու գործով քննչական խումբը որեւէ կաշկանդուածութիւն չունի։ Ան ընդգծեց, որ սխալ է ըսել, թէ բանակը այդ ժամանակ չէ խառնուած ներքին քաղաքական գործընթացներուն։ Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Սասուն Խաչատրեան յիշեցուց, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը ապաքաղաքական մարմին մըն է։ Ան նաեւ աւելցուց, որ հակառակ Ռոպերթ Քոչարեանի պահպաններու յայտարարութիւններուն, ինք անմեղութեան կարգավարկած չէ խախտած։

Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտան փաստաբանները վերջին օրերուն Սասուն Խաչատրեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները համարած էին միջամտութիւն քրէական գործի։ Վերոյիշեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անոնք շեշտած էին, որ երկրի Սահմանադրութեան բոլոր չափանիշները հաւասար են իրարու եւ մէկը միւսէն գերադաս չէ։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն նոյն թղթածրարով մեղադրանք առաջադրուեցաւ նաեւ Հայաստանի նախկին փոխ-վարչապետներէն Արմէն Գէորգեանի դէմ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018