ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ. «ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ, ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԻՐՔՆ ՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ԸՍՏ ԱՐԺԱՆՒՈՅՆ ՉԷ ԳՆԱՀԱՏՈՒԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ»

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ «ԱԶԳ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր՝ Յակոբ Աւետիքեան։

-Այս տարի իր լրումին կը հասնի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 43-րդ տարելիցը։ Պր. Աւետիքեան, ո՞ւր էիք դուք այդ օրերուն եւ ի՞նչ կը յիշէք այդ ժամանակաշրջանէն։

-Այդ տարիներուն ես ուսուցիչ էի եւ կը պաշտօնավարէի, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» վարժարանէն ներս: Ուրեմն առաւօտեան, ինչպէս սովորութիւն է, դպրոցական փոխադրամիջոցը աշակերտներու հետ միասին առաւ զիս եւ ուղղուեցանք դպրոց: Քանի մը ժամ ետք տնօրէնը յայտարարեց, թէ պէտք է վերադառնանք տուն, որովհետեւ «Այն Ռըմանէ» շրջանին մէջ պաղեստինցիներ փոխադրող հանրակառքի վրայ կատարուած էր յարձակում, որուն հետեւանքով երեսունէ աւելի անձ զոհուած էր: Այդ հանրակառքը պաղեստինցի գործաւորներ կը տեղափոխէր Տահիէի (հարաւային) արուարձանէն դէպի քաղաք՝ քրիստոնէական շրջան: Եւ այս դէպքը հանդիսացաւ պատերազմի դրդապատճառ:

Կը յիշեմ, երբ քրիստոնէական շրջաններ կ՚այցելէինք կամ պտոյտի կ՚երթայինք, ոչ թէ ապրիլին, այլ ամառը, այսինքն այս պատահարէն մէկ տարի առաջ, արդէն կը տեսնէինք զանազան վայրերու մէջ բացայայտ զինուորական մարզումներ: Սա անշուշտ կը նշանակէր, որ պատրաստութիւնները սկսած էին: Այդ դէպքէն ետք, ի հարկէ, դպրոցները փակուեցան քանի մը օր, մարդիկ իրենց տուներէն չելան եւ այլն, այսինքն ընդհանուր վախ եւ լարուած վիճակ ստեղծուած էր: Բայց կար ընդհանուր կարծիք մը՝ թէ այս դէպք մըն է պատահեցաւ եւ երկար չի տեւեր, ինչպէս որ 1973 թուականին եղաւ, երբ լիբանանեան օդուժը կրակ բացած էր պաղեստինեան դիրքերու ուղղութեամբ։

Խնդիրը պաղեստինեան ներկայութիւնն էր: Մամուլը եւ յատկապէս ռատիոն շատ մեծ ձեւով արձագանգեցին, գլխաւոր կռիւի վերածուեցաւ այն, թէ ինչո՞ւ նախագահ Ֆրանժիէ Գահիրէի ծանօթ պայմանագիրը ստորագրեց: Ինչպէս գիտենք, այդ պայմանագրով Լիբանանը պաշտօնապէս համաձայնութիւն տուած էր՝ լիբանանեան հողին վրայ պաղեստինցի զինեալ ներկայութեան...: Լիբանանի պատերազմը միեւնոյն ժամանակ տեղեկատուական ահաւոր պատերազմ էր՝ հակադիր դիրքերու կողմէ: Լաւատեսութիւնը վերացաւ, երբ մէկ շաբաթ անց կրկին թէժացաւ կռիւը, յատկապէս քաղաքի կեդրոնական մասերուն մէջ եւ «Այն Ռըմանէ» ու «Հատաթ» շրջանները ճակատային գիծի վերածուեցան:

Լրատուական պատերազմը ծայրայեղ աստիճանի հասաւ՝ մանաւանդ ռատիօկայանները, իսլամական ռատիօկայանները, որոնք պաղեստինեան ազդեցութեան տակ կը գտնուէին, նաեւ պաղեստինեան ռատիօկայանը, ուր ի դէպ հայկական ծրագիր մըն ալ կը սփռուէր։ Եւ ահա սկսաւ պատերազմը, որ տեւեց տասնհինգ տարիէն աւելի՝ իր բազմաթիւ հրադուլներով, զինադադարներով, բայց աւելի շատ անոնք զինադադար չէին, այլ՝ հրադուլ:

Պիտի յիշեմ նաեւ, որ 70-ական թուականներուն, կրնանք ըսել աւելի վաղ ալ Լիբանանեան երկինքը անընդհատ իսրայէլական օդանաւերու շրջագայութիւններու «կեդրոն» դարձած էր: Եւ Իսրայէլը ամէն անգամ կը կրկնէր իր ոտնձգութիւնները: Երբ յաճախ հրադուլը կամ հրադադարը երկար կը տեւէր՝ իսրայէլեան օդանաւերը իրենց գործը կը կատարէին, որպէսզի դարձեալ իրավիճակը թէժացնեն։

Եղած պատերազմը ուրեմն պէտք է դիտարկել, որպէս արաբ-իսրայէլեան պատերազմին մէկ մասը, որ տեղի կ՚ունենար լիբանանեան հողերու վրայ։ Յետագային՝ 80-ական թուականներուն սկիզբը Եասէր Արաֆաթ (Պաղեստինեան «ՊԱԿ»ի ղեկավար եւ ապագային Պաղեստինի առաջին նախագահ) իր զինեալ ուժերով ստիպուած կ՚ըլլար Լիբանանէն մեկնիլ, սակայն անկէ ետքն ալ պատերազմը կը շարունակուէր, մինչեւ 1990 թուականը: Անշուշտ շատ աւելի ծանր ձեւով: Իրականութեան մէջ այս պատերազմը արաբական երկիրներու պատերազմն էր, որու թատերաբեմը հանդիսացաւ Լիբանանը:

Ուրիշ յատկանշական բան մըն ալ կայ. տասնհինգ տարի տեւող պատերազմի առաջին տարին շատ զոհեր խը-լեց: Մարդիկ անփորձ էին, պաշտպանական որեւէ միջոց չունէին, երբ որ փողոցը ռումբ մը իյնար կամ հրթիռ մը՝ բոլորը կ՚ելլէին պատշգամներէն դիտելու եւ իմանալու, թէ ինչ կը կատարուի... Երկուստեք շատ անխիղճ եւ անողոք ձեւով կը պատերազմէին: Կար երեոյթ մը, որ շատ յատկանշական էր՝ դիպուկահարներու առկայութիւնը, որոնք նոյնպէս շատ զոհեր խլեցին: Յաջորդ յատկանշական երեւոյթը, որ կ՚ուզեմ նշել՝ այն էր, թէ երկրորդ փուլէն ետք հիմնական կռիւները տեղափոխուեցան քաղաքի կեդրոն՝ Պուրճի հրապարակ եւ ստեղծուեցաւ կանաչ գօտի կոչուածը՝ հեգնական կերպով՝ «կանաչ գօտի»: «Կանաչ գօտի», որ կ՚երկարէր եւ որուն մէկ ծայրը կ՚իջնէր նաւահանգիստ, որովհետեւ նաւահանգիստի մէջ կը գտնուէին մեծ պահեստները, որոնք կողոպտուեցան, թալանուեցան: Քաղաքի կեդրոնը, ուր տեղաւորուած էին գլխաւոր դրամատուները, շուկաները՝ առեւտրական կեդրոնները, այսինքն կողոպտելու ահագին բան կար:

Այստեղ հայութիւնը շատ մեծ վնաս կրեց նիւթական առումով, որովհետեւ չմոռնանք, թէ որոշակի դիտարկումներ կային, մամուլին մէջ անգամ հրապարակուած, ըստ որոնց լիբանանեան առեւտուրի եւ տնտեսութեան երեսուն տոկոսը հայերու ձեռքն էր: Եւ հայութեան մեծ մասը իրենց առեւտուրի տեղերը հաստատած էին քաղաքի կեդրոնական շրջանը: Կը յիշեմ, որ շատ մեծահարուստներ իրենց խանութներէն հազիւ բաներ մը կրցան փրկել, «վարձու զինեալներ»ու միջոցաւ... Անոնք՝ մեծահարուստ հայերը մեծ գումարներ կը վճարէին, որպէսզի երթան եւ իրենց ունեցուածքը փրկեն: Իսկ զինեալները իրարու մէջ այդ աւարը կիսելու կռիւներ կ՚ընէին:

-Հետաքրքրական բան մը ըսիք. երկու կողմերն ալ շատ անողոք էին: Քաղաքին մէջ ուրկէ՞ կը բխէր այդ ատելութիւնը, որ աւելի ուշ վերածուեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հակամարտութեան:

-Ըսեմ, որ Լիբանանին ոչ յատուկ խժդժութիւններ պատահեցան եւ մոլուցքը, պայմանաւորուած հարազատի մը, ընկերոջ մը սպանութեամբ հետզհետէ մթնոլորտը աւելիով շէկացուց։ Բայց ամենակարեւորը՝ երկու կողմի թշնամանքը հրահրողները բազմաթիւներ էին, ոչ միայն օտար, այլ՝ օտարին ծառայող մարդիկ, որովհետեւ պաղեստինցիներն ալ դարձած էին սանձարձակ: Անոնք կրնային մտնել որեւէ տեղ եւ իրենց ուզածին պէս վարուիլ, իբր թէ հարցերը լուծել: Անշուշտ որ ժողովուրդը դժգոհ էր, ընդհանուր դժգոհութիւն կար: Նաեւ շատ մեծ «հակաքարոզչութիւն» կար քրիստոնեաներու կողմէ, թէ պաղեստինցի զինեալներու մէջ վարձկան զինուորներ կան՝ եմէնցի, մարոքցի եւ այլն: Փաստօրէն ատիկա առաւել եւս գաղափարական կռիւը վերածեց վայրագութեան:

Այդ տարիներուն մամուլն ալ կ՚արձագանգէր դէպքերուն եւ անմիջապէս կը բնորոշէր այդ օրը պատահածը. ինչպէս՝ «սեւ շաբաթ», «սեւ ուրբաթ» եւ այլն:

Չեմ մոռնար յատկապէս «սեւ կիրակի»ն... Ամառ էր, ո՛ր տարին էր՝ չեմ յիշեր, բայց համեմատաբար խաղաղ շըր-ջան մըն էր եւ կարճատեւ հրադադար յայտարարուած էր: Ամբողջ ժողովուրդը ծովափ գացած էր: Յանկարծ սկսան թնդանօթներով, հրթիռներով կողմերը հարուածել. եւ ջարդ... հարիւրաւոր զոհեր... անմեղ զոհեր արձանագրուեցան... ուղղակի ոճիր էր եղածը։

-Իսկ հայութիւնը ի՞նչ դիրք որդեգրած էր. շատեր կ՚ըսեն, որ Լիբանանի դառնաղէտ պատերազմի օրերուն հայութեան դիրքը ընդհանրապէս դրական գնահատուած էր։ Ի՞նչ կ՚ըսէք այդ առումով։

-Հայութիւնը առհասարակ դրական դերով հանդէս եկաւ։ Սակայն խոցելի էր, որ հայութիւնը ընդհանրապէս ուժեղ եւ լիբանանեան շրջանակներուն համար հասանելի «քարոզչական զէնքեր» չունէր: Շատ քիչերն են, որ ըսած են, թէ հայերու դիրքորոշումը դրական էր. ինչպէս՝ լիբանանցի յայտնի գործիչ Ռէյմոն Էտտէ։ Ընդհակառակը մեծաւ մասամբ հայերը կը մեղադրուէին, յատկապէս քրիստոնեայ ղեկավարներու կողմէ յաճախ քննադատութեան կ՚ենթարկուէին, թէ օրհասական պահուն, կեանքի եւ մահուան կռիւներու ժամանակ՝ «դուք մեր կողմը պէտք է ըլլայիք», որպէս քրիստոնեաներ: Եւ այդտեղէն ընթացք կ՚առնէր անընդունելի մօտեցում մը, որուն համաձայն հայերը հիւր էին Լիբանանի մէջ։ Եւ յաճախ լսելի կը դառնար՝ «դուք տէրը չէք այս երկրին, ելէք գացէք հոսկէ» եւ նման անընդունելի խօսքեր։ Մենք ճիշդ է, ունէինք երեսունէ աւելի թերթ, ամսագիր, սակայն մեր ձայնը չկրցանք տեղ հասցնել: Քրիստոնեայ միլիսներ նոյնիսկ շրջան մը համարձակեցան յարձակիլ Հայ կաթողիկէ պատմական Զմմառու վանքին վրայ:

-Այսօր կը հետեւիք Միջին Արեւելքի զարգացումներուն։ Լիբանանը տակաւին զերծ չէ այդ ներքաղաքացիական պատերազմի «պայթիւնավտանգ» վիճակէն:

-Ես կը հիանամ լիբանանցիներու ներքին իմաստութեան վրայ, ի հարկէ, նկատի ունիմ իմաստացած լիբանանցիները, պատերազմով իմաստութիւն ձեռք բերած մարդիկ, որոնք տեսած են այդ ամբողջ ողբերգութիւնները, որոնք տեղի ունեցան այդ երկրին մէջ: Անոնք գիտեն այդ ամբողջ վտանգը եւ ատոր համար «ռիսքային» վիճակներու չերթալու համար ստիպուած եղան երկիրը մէկուկէս տարի առանց նախագահի պահել։ Ասիկա պատահական չէր, այլ՝ ըսելու համար, որ մենք չունինք կառավարութիւն՝ օրինական կառավարութիւն, որ ստանձնէ երկրին ամբողջական պատասխանատուութիւնը։

Երկրորդ՝ նախագահ ընտրեցին այնպիսի մէկը, ես նկատի ունիմ զօրավար Աունը, որ յայտնի է որպէս դաշնակիցը «Հիզպուլլահ»ի, այսինքն իրանեան կողմին, դաշնակիցը սուրիական կողմին, որ նաեւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ամենէն արիւնալի կռիւներէն մէկը մղած է Սուրիոյ դէմ։ Եւ այս բոլորը տեղի ունեցան, որպէսզի իրանեան եւ սուրիական ճնշումներէն զերծ պահեն երկիրը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018