ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ
Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ նախկին Սովետական հանրապետութիւններէն Վրաստանի ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալը կրնայ սարսափելի հակամարտութեան մը պատճառ դառնալ։ Մետվետեւ Մոսկուայի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Քոմերսանտ Էֆ. Էմ.» ռատիօկայանին։ Այս առթիւ ան մեկնաբանեց Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններու ընթացքը։ «Վրաստան եթէ ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալու ելլէ, ապա սա պատճառ կրնայ դառնալ սարսափելի հակամարտութեան մը։ Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ այսպիսի բանի մը կարիքը կայ», ըսաւ Մետվետեւ։
Յուլիսի 12-ին տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին յայտարարուած էր, որ Վրաստան ապագային դաշինքի անդամ կրնայ դառնալ։ Թիֆլիզի նպատակն է մինչեւ 2025 թուականը ՆԱԹՕ-ին անդամակցիլ։
Բաց աստի, «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան ալ հարցազրոյց մը տուաւ Տիմիթրի Մետվետեւ՝ նոյնպէս անդրադառնալով Թիֆլիզի հետ յարաբերութիւններուն։ Տիմիթրի Մետվետեւ նշեց, որ Ռուսաստան դէմ չէ Վրաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու։