ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանութիւն տուաւ, որպէսզի Իրանի դէմ բռնամիջոցները վերահաստատուին։ Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ գոյացած միջազգային համաձայնութենէն Ուաշինկթըն միջոց մը առաջ դուրս եկած էր՝ Թրամփի վարչակազմի որոշումով։ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին ապահովուած այդ համաձայնութիւնը Թրամփի կողմէ որակուած էր՝ ԱՄՆ-ի շահերուն ներհակ։ Այդ նոյն հիման վրայ ալ ներկայիս Ուաշինկթըն վերահաստատած է Թեհրանի դէմ բռնամիջոցները։ Այսպէս, Իրանի կառավարութիւնը պիտի չկարողանայ ամերիկեան տոլար գնել եւ ոսկիի ու այլ թանկարժէք մետաղներու հետ պիտի չկարենայ առեւտուր կատարել։ Սոյն սահմանափակումները կը նախատեսեն ծաւալուն շրջափակում մը։ Իրանի դէմ բռնամիջոցները պիտի վերաբերին պողպատի, ածուխի, ալիմինիումի բնագաւառներուն եւ ինքնաշարժներու շինութեան։ Իրան պիտի չկարենայ ներածել մարդատար օդանաւեր եւ օդանաւի մասեր։ ԱՄՆ-ի նախատեսած պատժամիջոցներէն բաժին պիտի վիճակի նաեւ այն երրորդ երկիրներուն, որոնք Իրանի հետ առեւտուրը պիտի տեւականացնեն։ ԱՄՆ-ի Գանձի նախարարութեան բաժանմունքները տեղեկացուցին, որ երրորդ երկիրներու հաւանական վնասները պիտի չհատուցուին։

Ուաշինկթընի նպատակն է՝ Թեհրանը կտրել արժութային եւ հիմնական հումքային շուկաներէն, որպէսզի կանգ առնէ այդ երկրի քաղաքական եւ ռազմական ազդեցութեան աճը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու երկրորդ մասը, այժմու կանխատեսումներով, ի զօրու պիտի դառնայ մինչեւ նոյեմբերի 4-ը։ Այդ սահմանափակիչ միջոցներն ալ պիտի վերաբերին Իրանի ուժանիւթի հատուածին, քարիւղի արտադրութեան եւ երկրի Կեդրոնական դրամատան գործառոյթներուն։

ԱՄՆ-ի կողմէ առնուած այս քայլերու լոյսին տակ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հանդէս եկաւ խիստ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ ԱՄՆ պիտի զղջայ։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը ներկայիս Եւրոմիութեան հետ համախոհութեան մէջ կ՚ընթանայ եւ Ուաշինկթընի հետ շփումներ մշակելու համար նախապայման կը համարէ՝ միջուկային համաձայնութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Ուաշինկթընի կողմէ առնուած որոշումէն անմիջապէս վերջ Եւրոմիութիւնը գործադրութեան մէջ դրաւ իր տարածքէն ներս ԱՄՆ-ի հակաիրանական պատժամիջոցներու արգելափակման օրէնքը։ Այսպէսով ԵՄ-ի տարածքէն ներս անվաւեր կը համարուին ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներու հիման վրայ արտասահմանեան բոլոր դատարաններու վճիռներու կատարումն ալ կ՚արգիլուի ԵՄ-ի տարածքէն ներս։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Հասան Ռուհանի ողջունեց Եւրոպայի դիրքորոշումը՝ Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներուն կապակցութեամբ։ «Եւրոպա կը դիմակայէ ԱՄՆ-ի հակաիրանական դիրքորոշման, հակառակ, որ երկար ժամանակէ ի վեր Ուաշինկթընի դաշնակիցն է», յայտնեց Հասան Ռուհանի։ Միեւնոյն ժամանակ, Ռուհանի կոչ ուղղեց եւրոպական երկիրներու ղեկավարներուն՝ ձեռնարկել այնպիսի միջոցներու, որոնք պիտի նպաստեն Թեհրանին լրացնել կորուստները ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներու դէմ։ Հասան Ռուհանի ըսաւ. «Իրան տակաւին կը սպասէ, որ Եւրոպա գործնական միջոցներու ձեռնարկէ միջուկային համաձայնագիրը պահպանելու համար»։

ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները վերջին օրերուն հանդէս եկած էին համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ ափսոսանք յայտնելով Ուաշինկթընի կողմէ Թեհրանի դէմ նախատեսուած պատժամիջոցներուն կապակցութեամբ։ Իր կարգին, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնած էր, որ Ուաշինկթըն մտադիր է Թեհրանի դէմ աւելի խիստ պատժամիջոցներ սահմանել՝ մինչ 2015 թուականին եղածներուն բաղդատմամբ։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018