ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԽԱԽՏՈՒՄ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ վերջին շրջանին աւելցած են խախտման դէպքերը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Հայաստանի ռուս սահմանապահները Արտաշատի մէջ ձերբակալած են տղամարդ մը, որ կը փորձէր ապօրինի ձեւով անցնիլ սահմանէն։ Սկզբնական ստուգումով պարզուած է, որ սահմանախախտը Պանկլատէշի քաղաքացի մըն է։

Ձերբակալեալ սահմանախախտը ընդունուած կարգով յանձնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն։ Ներկայիս կ՚իրականացուին անհրաժեշտ գործողութիւնները՝ դէպքի բոլոր մանրամասնութիւնները ճշդելու համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018