ԾՈՎ ԿԱՐԻՔՆԵՐ
Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած սարսափելի պայթումին զուգահեռ՝ միջազգային ընտանիքը օրակարգին վրայ բերած է Լիբանանին հրատապ ձեւով օգնութիւն փութացնելու հրամայականը։ Ըստ վերջին տուեալներուն, յառաջացած վնասը կ՚արժէ շուրջ 15 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Լիբանան այս պահուն ունի ծով կարիքներ եւ կը դիմագրաւէ ճակատագրական մարտահրաւէրներ։ Մինչ Պէյրութը աղէտի գօտի դարձած է, արդէն պարզ է, որ կայ 157 զոհ եւ 5 հազար վիրաւոր։ Այս ցաւալի տուեալներուն վրայ կու գայ աւելնալ անյայտ կորսուածներու պարագան։ Անոնց թիւը շուրջ 80 է եւ բոլորը կը սիրեն յուսալ, թէ հրաշքներ կը պատահին եւ անոնք ալ կը փրկուին։ Բայց ժամանակը որքան կ՚անցնի, յուսալքութիւնը կը մեծնայ եւ մարդիկ կ՚ակնկալեն գոնէ անոնց անշունչ մարմնի յայտնաբերուիլը։ Մարդկայնօրէն շատ ծանր իրավիճակի մը մէջ յառաջ կը տարուին բոլոր աշխատանքները, մինչ Լիբանանի կառավարութիւնը կը վերահաստատէ իր վճռակամութիւնը՝ պայթումի պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու ուղղութեամբ։ Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ միասնականութեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն՝ շրջանցելու համար առկայ աղիտալի պայմանները։ Երկրի իշխանութիւններուն կողմէ պայթումին կապակցութեամբ ձեռնարկուած հարցաքննութիւնն ալ ընթացքի մէջ է։ Բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ նաւահանգիստի պատասխանատուները կը կանչուին հարցաքննութեան եւ ցուցմունքներ տալու։ Ցարդ նաւահանգիստի 16 աշխատող հսկողութեան տակ առնուած է։ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը սառեցուցած է եօթ հոգիի դրամատան հաշիւները։ Անոնց շարքին կը գտնուին նաւահանգիստի եւ մաքսի տնօրէնները։ Կ՚ենթադրուի, որ շուրջ չորս օրուայ ընթացքին պարզուին մեղաւորները։ Լիբանանի կարգ մը նախկին վարչապետներ ալ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան ու կոչ ուղղեցին, որպէսզի ՄԱԿ եւ Արաբական Միութիւնը այս դէպքի հարցաքննութեան համար ստեղծեն միջազգային յանձնաժողով մը։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, ուր հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի կողմէ։ Մաքրոն այս առթիւ այցելեց մեծ պայթումի վայրը, ուր հետեւեցաւ նաւահանգիստի տարածքէն ներս աշխատանքի ձեռնարկած ֆրանսացի փրկարարներու գործունէութեան։ Ան եղաւ պայթումէն վերջ Լիբանան այցելած առաջին օտարերկրեայ ղեկավարը։ Մաքրոն շրջայց մըն ալ կատարեց Պէյրութի այն թաղամասերուն մէջ, որոնք պայթումի հետեւանքով քար ու քանդ դարձած են։ Իր շրջայցի ընթացքին ժողովուրդը բարձրաձայնեց երկրի իշխանութիւններուն դէմ հակազդեցութիւնը։
Մաքրոն նշեց, որ իր այցելութեան նպատակը երկրի վարչախումբի խրախուսուիլը չէ։ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի ի նպաստ կատարուելիք օժանդակութիւնները պիտի չանցնին այլասերածներու ձեռքը։ Մաքրոնի խօսքով՝ Լիբանան քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամի մը դէմ յանդիման կը գտնուի եւ պէտք է հրատապ ձեւով միջամտել առկայ ընթացքին։ Եթէ բարեփոխումներ չկատարուին, ապա Լիբանան պիտի շարունակէ դժուարութիւններու ենթարկուիլ։ Մաքրոն տեղեկացուց, որ Ֆրանսա կը ջանայ Լիբանանի ի նպաստ միջազգային օժանդակութեան արշաւ մը համակարգել։ «Այս պահուն նախապատուութիւն պէտք է ընծայել՝ առանց նախապայմանի Լիբանանին օժանդակութիւն փութացնելու», ըսաւ Մաքրոն եւ աւելցուց, որ պատահած պայթումը թափանցիկ ձեւով պէտք է հարցաքննուի։ Ան Պէյրութի մէջ նաեւ կոչ ուղղեց, որպէսզի փտածութեան դէմ պայքար մղուի։
Մաքրոնի այցելութեան զուգահեռ Ֆրանսայէն երեք բեռնատար օդանաւով օժանդակութիւն առաքուեցաւ Լիբանան։ Ուրիշ երկիրներու կողմէ ալ կ՚ուղարկուին նման օժանդակութիւններ։ Եւրոպական Միութիւնն ալ շարժման անցած է Լիբանանին զօրակցելու նպատակով։ Եւրոյանձնաժողովը որոշած է 33 միլիոն եւրօ տրամադրել Պէյրութի պայթումի հետեւանքներու յաղթահարման նպատակով։ Իսկ Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի անկախ հարցաքննութիւն մը կատարուի պայթումին կապակցութեամբ։