ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅՈՅՍ՝ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը աշխարհի տարածքին որոտացած պայթումներուն մէջ իր հզօրութեամբ, տարողութեամբ եւ գործած աւերով կը գրաւէ առաջին հորիզոնականները:

Պայթումի ատեն արդէն Լիբանանը ենթարկուած էր տնտեսական պաշարումի, ինչ որ յաւելեալ ծանրութեան տակ դրաւ ամբողջ հասարակութիւնը:

Միջազգային ընտանիքի անդամ երկիրները զգուշաւորութեամբ հասցուցին տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններ: Բոլորը նկատի կ՚ունենային աշխարհաքաղաքական կեդրոնի կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցային քաղաքականութիւնը:

Այդուհանդերձ, օժանդակութիւնները, կառավարութիւնը շրջանցելով, տարբեր տեսքերով հասան քաղաքացիին: Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները յաւելեալ ենթահող հարթեցին՝ կայանալու, քաղաքացիներուն հետ կապ հաստատելու, օժանդակութիւններ տրամադրելու:

Հասարակութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ պետական օղակներու անդամալոյծ վիճակին եւ անոր դիմաց պետական ծառայութիւններու համապատասխան գործունէութիւն ծաւալող ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու աշխոյժ երեւոյթին:

Այս երեւոյթը պիտի շարունակուի յայտնապէս: Նոյնիսկ նոր կառավարութեան կազմութիւնը չի կրնար կտրուկ կշռոյթներով վերականգնել պետական ծառայութիւններու կազմակերպումը: Ուրեմն այդ բացը պիտի լրացնեն ոչ-կառավարականները, որոնց գործունէութիւնը չի պայմանաւորուիր Պէյրութի նաւահանգիստի հետեւանքները վերացնելու գործառոյթներով միայն:

Թերեւս միակ համայնքը լիբանանահայութիւնն էր, որ օժանդակութիւններու կազմակերպման ցանցային համակարգի փայլուն կատարողականութիւն ցուցադրեց: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն մինչեւ եւրոպական երկիրներ ու միջինարեւելեան մեր համայնքները՝ բոլորը անխտիր կազմակերպեցին դրամահաւաքներ, սննդեղէնի, դեղօրայքի ամբարումներ եւ ուղարկումներ:

Բոլորը ունէին այն գիտակցութիւնը, որ լիբանանահայութիւնը համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող կեդրոնական համայնք է, եւ անոր հարուածուիլը սփիւռքին ու համայն հայութեան հասած հարուած է:

Ցանցային այս համակարգի աշխատելուն առընթեր, կար նաեւ ներքին ինքնակազմակերպումը: Ամբողջ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւնները համախմբուեցան՝ վերականգնելու համար հարուածուած լիբանանահայութիւնը:

Թէ՛ ներքին ինքնակազմակերպումը եւ թէ՛ համահայկական ցանցային համակարգի օժանդակութիւնները պարզեցին եզակի պատկեր՝ ամբողջ լիբանանեան հասարակութեան մէջ: Ոգին եւ աշխատանքային փորձառութիւնը համատեղուած՝ տուին արդիւնք. լիբանանահայը ոչ միայն ստացաւ կենցաղային անհրաժեշտ կարիքները՝ սնունդ, դեղօրայք եւ ի պահանջել հարկին՝ հիւանդանոցային խնամք, այլ նաեւ վերանորոգեց իր բնակարանը, վաճառատունը եւ յուսաց: Յուսաց, որ արտաքին հանգամանքները փոփոխութիւն կը բերեն ներլիբանանեան կեանքին եւ երկիրը տնտեսականօրէն կ՚ապաշրջափակեն:

Մեր այսօրուան թիւը ամբողջովին յատկացուած է Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու յիշատակին, լիբանանահայութեան ինքնակազմակերպումին եւ համահայկական համակարգային ցանցի արդիւնաւէտ աշխատանքին:

Բայց նաեւ՝ հաւաքական յոյսին. կեդրոնական հանգամանք ունեցող լիբանանահայութեան վերականգնումին:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Խմբագրական՝ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի

Շաբաթ, Օգոստոս 7, 2021