ՄԱԿ ԶՍՊՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻՆ

Մինչ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ, միջազգային շրջանակներն ալ կը շարունակեն մտահոգութիւն արտայայտել այս կապակցութեամբ։ Ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի բախումներու համայնապատկերին վրայ ՄԱԿ երէկ երկու երկիրներուն զսպուածութեան կոչ ուղղեց։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Ֆերհան Հաք այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մենք կը շարունակենք կողմերուն կոչ ուղղել՝ զերծ մնալ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք պատճառ կը դառնան լարուածութեան աճին եւ առկայ խնդիրները լուծել երկխօսութեան գործընթացի միջոցաւ»։

Միջազգային այս արձագանգներու մթնոլորտին մէջ սահմանի առկայ իրադրութիւնը գործնականին մէջ կը մնայ անփոփոխ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերը սահմանի Երասխի հատուածին վրայ դարձեալ ոտնձգութիւններ կատարած են։ Այսպէս, կէսօրուան ժամերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են Երասխի հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Դէպքին հետեւանքով հրդեհուած է միջդիրքային տարածքի խոտածածկոյթը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հայկական կողմը իրականացուցած է հակազդման եւ դիմացի կողմի կրակը լռեցնելու ուղղեալ գործողութիւններ։ Դէպքերուն հետեւանքով հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։

Կէսօրուան ժամերու այս հաղորդումներէն վերջ, երեկոյեան, ժամը 18.00-ի դրութեամբ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած սադրանքներէն յետոյ իրադրութիւնը կայունացած է, Ատրպէյճանի կրակահերթերուն հետեւանքով միջդիրքային տարածքէն ներս բռնկած հրդեհը մարուած է։ Նախարարութիւնը վերստին շեշտեց, որ դէպքերուն հետեւանքով հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։

Մինչ այդ, Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսին ալ երէկ հերթական անգամ այցելեց Սիւնիքի մարզը, ուր եւս սահմանամերձ շրջանները Ատրպէյճանի զօրքերու սպառնալիքին կ՚ենթարկուին վերջին շրջանին։

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի գրասենեակն ալ երէկ հերթական հրապարակումներով հանդէս եկաւ սահմանի իրադրութեան վերաբերեալ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինուորները դիտաւորեալ յանցաւոր արարքներով կը հրդեհեն Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի Երասխի գիւղի անմիջական հարեւանութեամբ մարդոց սեփականութեան իրաւունքին պատկանող, ինչպէս նաեւ անոնց անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող հողատարածքները։ Պաշտպանի աշխատակազմին հասած ահազանգներուն հիման վրայ տեղի ունեցած են ստուգումներ, ըստ որոնց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը փոքր ու խոշոր տրամաչափի զինատեսակներով կրակոցներ կ՚արձակեն Երասխի անմիջական հարեւանութեամբ եւ նոյն իսկ գիւղին վրայ։ Գիւղը կը գտնուի Ատրպէյճանի դիրքերէն մօտաւորապէս 1 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կրակոցները կոպիտ կերպով կը խախտեն Երասխի եւ յարակից գիւղերու բնակիչներու իրաւունքները։ Արման Թաթոյեան շեշտած է, որ հրդեհներու պատճառով Երասխի եւ յարակից գիւղերու բնակիչները չեն կարողանար բնականոն գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնել, բաց աստի, կրակոցներն ու հրդեհները խաթարած են մարդոց խաղաղ եւ բնականոն կեանքը Երասխի հատուածէն ներս։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ, երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։

Շաբաթ, Օգոստոս 7, 2021