ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄՈՒԱԾ

Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահութեան ձեւաւորման գործընթացը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ինչպէս ծանօթ է, խորհրդարանի՝ ընդդիմութեան շարքերէն ընտրուելիք փոխ-նախագահի պաշտօնի պարագային անորոշութիւն մը ստեղծուած էր։ Ընդդիմութեան կողմէ փոխ-նախագահի թեկնածու առաջադրուած՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարներէն Իշխան Սաղաթելեան երկու քուէարկութիւններէ վերջ չէր յաջողած բաւարար ձայները ապահովել։ Երէկ առաւօտ տեղի ունեցած երրորդ քուէարկութեան արդիւնքով Իշխան Սաղաթելեան արդէն ընտրուեցաւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ։ Ան այս առթիւ յայտարարեց, որ խորհրդարանէն ներս պիտի ըլլայ ժողովուրդին ձայնը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի խորհրդարանը երէկ որոշեց, որ նոր շրջանին իր կազմէն ներս տասներկու մշտական յանձնաժողով գործէ։ Ընդդիմութիւնը օրակարգի վրայ բերաւ Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ յանձնաժողով մը ստեղծելու առաջարկը, որ մեծամասնութեան քուէներով չարժանացաւ հաւանութեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 7, 2021