ԱՆԻԾԵԼԻ ԾՈՒՂԱԿ
Երէկ երեկոյեան ժամերուն բովանդակ Թուրքիա սուգի մատնուեցաւ Հաքքեարիի Տաղլըճա գաւառակէն հասած լուրերուն հետեւանքով։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը Տաղլըճայի մէջ իրականացուց հերթական անիծելի ծուղակը, որու հետեւանքով տասնհինգ զինուոր նահատակուեցաւ։ Ամբողջ երկիրը բառին բուն իմաստով բռունցքի վերածուած հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ, անէծք կը տեղացնէ այս տմարդի բռնարարքին դէմ։ Տաղլըճայի մէջ, զինուորական չորս զրահապատ ինքնաշարժներու անցքին ժամանակ ՓՔՔ-ականները պայթեցուցին ճանապարհին վրայ նախապէս զետեղուած ռումբերը, որոնց ծանրութիւնը կը հասնէր 400 քիլօկրամի։
Զինուորական այս ինքնաշարժներուն դէմ լարուած ծուղակէն անմիջապէս վերջ, Թուրք զինեալ ուժերու ռազմաօդանաւերը ձեռնարկեցին լայնածաւալ գործողութիւններու։ Անոնք սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեցին ահաբեկչական լծակներուն դէմ։ «F-4» եւ «F-16» ռազմաօդանաւները ոչնչացուցին տասներեք թիրախ։
Այս դէպքէն անմիջապէս վերջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ վճռական յայտարարութիւններով։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին կապակցութեամբ կարեւոր պատգամներ փոխանցեց Էրտողան ու նշեց, թէ այս վերջին դէպքի լոյսին տակ սկսած է նոր գործընթաց մը։ Այլեւս շատ աւելի տարբեր ռազմավարութեան մը գործադրութիւնները պիտի սկսին եւ այս հակաահաբեկչական պայքարի գործընթացը յառաջ պիտի տարուի վճռական ձեւով։ Մանաւանդ այս վերջին դէպքը պատճառ դարձած է, որ սկսի շատ աւելի տարբեր գործընթաց մը։ Էրտողան մատնանշեց, թէ 1990-ական թուականներուն բաղդատմամբ ալ շատ աւելի տարբեր է առկայ գործընթացը։ Ըստ հանրապետութեան նախագահին, ահաբեկիչներու կորուստներուն առումով շատ լուրջ քանակութիւն մը կայ։ Անոնք այլեւս կը հաշուարկուին հազարաւորներով։ Էրտողան համոզուած է, թէ այդ կորուստները պիտի շարունակուին աւելնալով։ Անցեալ ժամանակաշրջանին երկրի անվտանգութեան ուժերը նախընտրեցին բախումներու մէջ չմտնել, սակայն այդ նոյն շրջանին ահաբեկիչները զէնք ու զինամթերք կուտակեցին երկրի հարաւ-արեւելքին։ Լուծման գործընթացին փոխարէն անոնք հանդէս եկան դաւաճանութեամբ։
«Ըստ մեր կրօնին, նահատակները անմահ են։ Այդտեղի պայքարը այլեւս շատ աւելի տարբեր ու շատ աւելի վճռական պիտի ըլլայ։ Կա՛մ պիտի հասկնան, կամ պիտի հասկնան», ըսաւ Էրտողան եւ նահատակներու ընտանիքներուն խօսք ուղղելով աւելցուց, թէ ահաբեկիչները կը վճարեն ու պիտի վճարեն փոխարժէքը։ Անոնցմէ հազարաւորներ սպաննուած են ու պիտի շարունակուին գործողութիւնները։ Էրտողան համոզուած է նաեւ, թէ այս դէպքերը Նոյեմբերի 1-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ կը հետապնդեն նաեւ զէնքով, ճնշումով եւ սպառնալիքով քուէներու ներուժը բարձրացնելու նպատակը։
Միւս կողմէ, երէկ գիշերուան ժամերուն մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը։