ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ մէջ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ո­րո­շիչ դեր մը խա­ղալ այդ երկ­րի ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ կա­րե­ւոր հա­րուած­ներ տրուած է այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ։ Ներ­կա­յիս թրքա­կան զօր­քե­րը նպա­տա­կաս­լաց քայ­լե­րով կը յա­ռա­ջա­նան՝ ճա­նա­պարհ հար­թե­լով Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կին առ­ջեւ։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի շա­բա­թա­վեր­ջին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ ու­նե­ցած ի­րե­րա­յա­ջորդ հան­դի­պում­նե­րէն վերջ Ան­գա­րա­յի յա­ռա­ջի­կայ քայ­լերն ալ կը յստա­կա­նան աս­տի­ճա­նա­բար։ Ներ­կա­յիս Ռաք­քա եւ Էլ Պապ քա­ղաք­նե­րը կը գտնուին շա­հագր­գիռ կող­մե­րու ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին։ Էր­տո­ղան ե­րէկ յայտ­նեց, թէ Օ­պա­մա կը փա­փա­քի Ռաք­քա­յի հար­ցին շուրջ միաս­նա­բար քայ­լե­րու դի­մել։ Ան­գա­րա­յի տե­սա­կէ­տէ խնդրա­յա­րոյց պա­րա­գայ մը չկայ այս նիւ­թին շուրջ։ Նա­խա­գա­հը հա­մո­զուած է, որ ե­թէ կող­մե­րու զի­նուո­րա­կան­նե­րը ի մի գան, ա­պա անհ­րա­ժեշ­տը կրնայ տնօ­րի­նուիլ։ Թուր­քիա ԱՄՆ-ի կող­մէ գլխա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ նաեւ Էլ Պապ քա­ղա­քին հա­կակ­շի­ռը ձեռք ան­ցը­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յիս այդ քա­ղա­քը դար­ձած է ՓԵՏ-ի թի­րա­խը։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ Ի­ՇԻՊ-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ե­րէկ հրթիռ­նե­րով յար­ձա­կե­ցան եր­կու թրքա­կան հրա­սայ­լե­րու վրայ։ Էլ Ռա­յիի մեր­ձա­կայ­քին պա­տա­հե­ցաւ այս դէպ­քը, ո­րու հե­տե­ւան­քով ե­րեք թուրք զինուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Չորս զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­ր-ւե­ցաւ։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ա­ւե­լի վերջ ռումբ տե­ղա­ցու­ցին Ի­ՇԻՊ-ի 50 թի­րախ­նե­րուն վրայ։ 225 հա­րուած­ներ հաս­ցուե­ցան ա­հա­բեկ­չա­կան լծակ­նե­րուն։

Մի­ջազ­գա­յին կարգ մը աղ­բիւր­ներ կը հա­ղոր­դեն, որ Ան­գա­րա մտա­դիր է Սու­րիա­յէն վերջ շարժ­ման անց­նիլ նաեւ Ի­րա­քի մէջ եւ Մու­սուլ քա­ղա­քը ա­զա­տագ­րել Ի­ՇԻՊ-էն։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ա­ռայժմ կը պակ­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Ո­ւա­շինկ­թը­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ար­ձա­գան­գե­ցին Սու­րիոյ մէջ թռիչք­նե­րու հա­մար փակ գօ­տի մը ստեղ­ծե­լու վե­րա­բե­րեալ Թուր­քիոյ ա­ռա­ջար­կին։ Ծա­նօթ է, որ թրքա­կան կող­մը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր օ­րա­կար­գի վրայ կը պա­հէ այս ա­ռա­ջար­կը եւ այդ մէ­կը բո­լո­րո­վին վեր­ջերս կրկնուե­ցաւ՝ Չի­նաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «G-20»ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի օ­րե­րուն, երբ Էր­տո­ղան ի­րե­րա­յա­ջորդ տե­սակ­ցե­ցաւ Օ­պա­մա­յի եւ Փու­թի­նի հետ։ Սպի­տակ տան ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րու գծով խորհր­դա­կա­նի տե­ղա­կա­լը՝ Պէն Ռոտց յայտ­նեց, թէ թռիչք­նե­րու հա­մար փակ գօ­տիի մը ստեղ­ծուի­լը ի­րենց հա­մոզ­մամբ չի կրնար լու­ծել Սու­րիա­յէ ներս դաշ­տի վրայ առ­կայ հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, թռիչք­նե­րու հա­մար փակ շրջա­նը սահ­մա­նա­փակ տա­րած­քի մը պա­րա­գա­յին գո­յու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ, մինչ­դեռ խնդիր­ներն ու բռնու­թիւ­նը ի զօ­րու են երկ­րի ընդ­հա­նու­րէն ներս։ Ա­մե­րի­կա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րը շեշ­տեց, որ ի­րենց մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռած է՝ Ի­ՇԻՊ-ի տար­րե­րուն Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նէն մաք­րա­գոր­ծու­մը։ Ե­թէ մաք­րա­գոր­ծեալ այդ տա­րած­քը պահ­պա­նուի, ա­պա ա­ւե­լի լայն շրջա­նի մը անվ­տան­գու­թիւ­նը պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րուի ու պի­տի կա­սե­ցուի օ­տար զի­նեալ­նե­րուն հոս­քը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016