Սպահանի Հայկական Եկեղեցին՝ Բրիտանացի Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան Պարտադիր Վայր
Իրանի Սպահան քաղաքի հայկական Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին ներառուած է Իրանի այն տեսարժան վայրերու ցանկին մէջ, որոնք պարտադիր են բրիտանացի զբօսաշրջիկներու այցելութեան համար: Ցանկը կազմած է բրիտանական International Business Times-ը:
Պարբերականը կազմած է Իրանի մէջ երեսուն ամենահետաքրքրական վայրերու ցանկը այն հարցէն ետք, երբ բրիտանական ազգային օդանաւային փոխադրողը կրկին սկսաւ ուղիղ կանոնաւոր չուերթներ իրականացնել Լոնտոնէն դէպի Թեհրան:
Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին կամ վանքը Ջուղայի գլխաւոր տեսարժան վայրն է: Ան կառուցուած է 1600-ական թուականներուն:
Վանքի շինարարութիւնը սկսած է 1606 թուականին եւ աւարտած՝ 1655-1664 թուականներուն միջեւ՝ Դաւիթ Արքեպիսկոպոսի ղեկավարութեամբ:
Համալիրը բաղկացած է մեծ եկեղեցիէ, քանի մը թանգարանէ, պատերով պարփակուած ներքին բակէ: Հայկական վանքին մէջ նկատելի են արեւելեան եւ քրիստոնէական մշակոյթներու տարրեր: Արտաքինէն այդ մէկը միագոյն աղիւսաշէն կառոյց մըն է գմբէթներով եւ կամարներով, իսկ ներսէն՝ գեղանկարչութեան իւրօրինակ թանգարան մը: Բոլոր պատերն ու առաստաղները նկարազարդուած են քրիստոնէական որմնանկարներով, սրբապատկերներով եւ արեւելեան նախշերով: Վանքի մուտքին մօտ տեղադրուած է 16-17-րդ դարասկիզբի հոգեւոր եւ կրթական գործիչ Խաչատուր ԱրքեպիսկոպոսԿեսարացիի յուշարձանը:
Բացի վանքէն, ցուցակին մէջ ընդգրկուած են Տէմաւենտ լեռը, Սպահանի շուկան, Ալի Գապու պալատը, Սպահանի Ալլահուերտի խանի կամուրջը, Փերսեփոլիսը, Կոլեստանի պալատը Թեհրանի մէջ, Զակրոսի լեռնաշղթան եւ այլ տեսարժան վայրեր:
British Airways-ը շաբաթական վեց չուերթ կ՚իրականացնէ դէպի Իրան, հետագային հաւանաբար անոնց թիւը աւելնայ:
2016 թուականի սկիզբը Միացեալ Նահանգներ ջնջեց Իրանի դէմ գործող պատժամիջոցները: Իրան ստացաւ իր սառեցուած աւելի քան 100 միլիառ տոլար գումարները եւ աւելցուց նաւթի արտահանումը:
Յուլիսին առանց մուտքի արտօնագիրներու կարգ սահմանուեցաւ Իրանի եւ Հայաստանի քաղաքացիներու համար: