ԱՄՈՒՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն 6-րդ հանդիպումը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առթիւ մէկտեղուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի հետ։ Եռակողմանի հանդիպման առընթեր ժողովական նախարարները առանձին հանդիպումներ ալ ունեցան իրարու միջեւ։ Չավուշօղլու, Մամետեարով եւ Ճանելիծէ Պաքուի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Երեք նախարարները տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ օրերուն՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման ընթացքին, Նիւ Եորքի մէջ, Թուրքիա, Վրաստան եւ Ատրպէյճան միասնաբար հանդէս պիտի գան Լեռնային Ղարաբաղի եւ Աբխազիոյ հիմնախնդիրներուն շուրջ։ Ըստ Չավուշօղլուի, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանը ու Վրաստանը յուզող հարցերու պարագային՝ միջազգային կառոյցներէ ներս միասնական ճակատ մը կազմելու կարեւորութիւնը։ «Երեք երկիրներն ալ կ՚աջակցին տարածքային անձեռնմխելիութեան սկզբունքին, որ միջազգային իրաւունքին հիմքը կը հանդիսանայ», յայտնած է Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պաքուի մէջ։ Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին նախարարները անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային համատեղ ծրագրերուն, ներառեալ՝ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութիւնը, որ տասն տարիէ ի վեր կը շարունակուի։

Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ այս եռակողմանի ձեւաչափը մեծ նպաստ մը կ՚ապահովէ տարածքաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման տեսակէտէ։ Իր խօսքերով՝ սոյն գետնի վրայ կ՚ապահովուին դրական արդիւնքներ ու կեանքի կը կոչուին բազմաթիւ կարեւոր նախագծեր։ Ըստ նախարարին, ոչ միայն Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տեսակէտէ շահագրգռական նիւթերու շուրջ՝ այլ նաեւ դէպի Եւրոպա ուժանիւթի մատակարարման անվտանգութեան ու կարիքներու դիմագրաւման տեսակէտէ շատ կարեւոր նախագծեր կ՚իրականաց-ւին։ Այս կէտին վրայ ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարի պիտի սկսի Անդրանատոլեան բնական կազի խողովակաշարի՝ TANAP-ի օգտագործումը։ Չավուշօղլու մատնանշեց, որ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիին վրայ սկսած են նաեւ փորձարկումները, ըստ որոնց արդիւնքներուն պիտի ճշդուի պաշտօնական բացման թուականը։

Պաքուի մէջ Չավուշօղլու գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ երեք երկիրներու միջեւ միայն արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին վրայ սահմանափակ չեն մնար աշխատանքները։ Ուժանիւթի, տնտեսութեան, հաղորդակցութեան, մաքսի եւ այլ բնագաւառներու պարագային պատկան նախարարութիւններն ալ կ՚իրականացնեն կանոնաւոր պարբերութեամբ ժողովներ։ Արդարեւ, բաւարար չէ միայն երկաթուղիներ կառուցել կամ այլ նախագծեր կեանքի կոչել, որովհետեւ պէտք է ամրապնդեն նաեւ այս բոլորին իրաւական ենթագետինը։ Մաքսերու եւ սահմանային դռներու վերաբերեալ այս երեք երկիրները կը նախատեսեն անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընել եւ յաղթահարել առեւտուրի տեսակէտէ խոչընդոտները։ Համապատասխան աշխատանքները յառաջ կը տարուին անկեղծօրէն։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու խօսեցաւ նաեւ այս եռակողմանի ձեւաչափին մէջ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս տարուած աշխատանքներուն վրայ։ Ան յիշեցուց, որ բոլորովին վերջերս երեք երկիրները միասնաբար կատարեցին «Կովկասի արծիւ» յատուկ նշանակութեամբ ստորաբաժանումներու ռազմափորձերը։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու խօսեցաւ նաեւ Եւրոպա-Չինաստան առեւտուրի երթեւեկութեան շուրջ։ «Միջին միջանցք» ծրագրի համարկման շուրջ համատեղ աշխատանք կը ծաւալեն այս երեք երկիրները։ Իր խօսքերով՝ այս առանցքին վրայ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան կարեւորագոյն երեք կեդրոնի դիրքը կը զբաղեցնեն։

Պաքուի մէջ Չավուշօղու ընդգծեց, որ այս երեք երկիրները ունին գերազանց յարաբերութիւններ եւ կ՚արժեւորեն երկկողմանի գետնի վրայ, շօշափելի բնագաւառներէ ներս այդ բոլորը զարգացնելու հեռանկարները։ Թուրքիա գոհ է թէ՛ եղբայր Ատրպէյճանի եւ թէ բարեկամ ու հարեւան Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու մակարդակէն։ «Հերթական անգամ կը փափաքիմ շեշտել, որ Թուրքիա ամուր ձեւով կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ յաջորդ տարի Թուրքիոյ տանտիրութեամբ գագաթաժողով մը պիտի կազմակերպուի այս եռակողմանի ձեւաչափին մէջ։ Երէկ, Պաքուի մէջ երեք նախարարները ստորագրեցին նաեւ 2017-2019 թուականի ժամանակաշրջանին վերաբերեալ առանձին բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան ծրագիր մը։ Չավուշօղլու յայտնեց, որ երեք տարուան այս ծրագրի գործադրութեան պիտի հետեւին միասնաբար։

Չավուշօղլու մատնանշեց, որ օրակարգի առկայ հարցերուն շուրջ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ ստեղծուած է զօրակցութիւն մը եւ այս կապակցութեամբ արտայայտեց իր գոհունակութիւնը։ ՄԱԿ-է ներս եւս երեք երկիրները կը նախատեսեն այս նիւթերու շուրջ գործել միասնաբար։ «Ատրպէյճանն ու Վրաստանը յուզող խնդիրներուն շուրջ՝ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի եւ թէ Օսեթիոյ-Աբխազիոյ խնդիրներու պարագային, Նիւ Եորքի մէջ միասնաբար պիտի շեշտեն այդ բոլորի խաղաղ ճանապարհով, շուտափոյթ լուծումը՝ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան շրջանակին մէջ», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը յիշեցուց, որ ներկայ ամսուան մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ պիտի այցելէ Պաքու։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017