ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՔ ՏԽՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑԻՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԻՇԻՊ-ԻՆ ԴԷՄ ՏԱՐԱԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Լիբանանի ժողովուրդը ծանր թախիծով դիմաւորեց բանակի արձանագրած յաղթանակը ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ: Պատճառը՝ այդ թուականին լիբանանեան բանակի գերեվարեալ զինուորներու սպաննուած գտնուելու մասին տեղեկութիւնն էր, որ բողոքի «լուռ» ալիք մը կը ստեղծէր ամբողջ երկրին մէջ: Տասն օր տեւած մարտերէ ետք բանակի հրամանատարութիւնը կը յայտարարէր հրադադար, որու հիման վրայ թէ՛ կը գործադրուէր կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւն մը եւ թէ ապահովական մարմինները տեղեակ կը դառնային սպաննուած զինուորներու աճիւններու վայրին։ Ասոր փոխարէն ԻՇԻՊ-ի շուրջ 300 զինեալներ ցամաքային ճանապարհով կը մեկնէին Սուրիոյ այն շրաջնները, որ կը գտնուին նոյն ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ: Տեղի ունեցածը վրդովմունք կը յառաջացնէր յատկապէս բանակի զինուորներու ծնողներուն մօտ, որոնք անցնող երեք տարիներուն ընթացքին տարբեր միջոցներու դիմեցին եւ բողոքի հաւաքներ կատարեցին, ազատուած տեսնելու համար իրենց զաւակները: Խնդիրը կը ստանար ներքաղաքական բնոյթ, որովհետեւ «Հիզպուլլահ»ի եւ երկրի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի կողմնակիցներ կը հաւատային, որ այդ օրուան կառավարութիւնը կարող էր կանխել բանակի զինուորներուն սպանութիւնը. բայց զանազան հանգամանքներու բերումով բանակի զինուորներու թղթածրարը կը շարունակէր մնալ անլոյծ:
Լիբանանեան բանակի կարգ մը սպաներ զանազան ապացոյցներ բերելով կը յայտնէին, որ 2014 թուականին, երբ բանակը յաջողութեամբ կը շարունակէր իր յառաջընթացը ԻՇԻՊ-ին դէմ (յատկապէս Արսէլ աւանին մօտ), հասած էր անկիւնադարձային կէտի մը եւ կարող էր ազատել իր զինուորները, սակայն կառավարութեան քաղաքական որոշումով բանակը դադրեցուցած էր ռազմական գործողութիւնները:
Ու այդ հրադադարին հետեւանքով ԻՇԻՊ-ի զինեալները բանակի գերի ինկած զինուորները կը փոխադրէին աւելի «ապահով» վայրեր, շրջան մը ետք զանոնք սպաննելու համար:
Երեք տարիներու վրայ երկարած շրջանի մը ընթացքին պատահած այս զարգացումները մեծ ցաւ կը պատճառէին բանակի զինուորներու ծնողներուն, որոնք ճարահատեալ բողոքի բաց նստացոյց մը կը կատարէին Պէյրութի «Ռիատ ալ սոլհօ» հրապարակին վրայ: Անոնք միեւնոյն ատեն հանդիպումներ կ՚ունենային երկրի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներուն հետ՝ օրակարգ ունենալով ամէն գնով ահաբեկիչներու ճիրաններէն փրկել իրենց զաւակները:
Այս երկար գործընթացին կեդրոնական դեր կը կատարէր երկրի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէն զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ զանազան կողմերու հետ հանդիպումներ ունենալով կը փորձէր յոյսի նշոյլ մը գտնել ու աշխատիլ նոյնիսկ միջնորդներու ճանապարհով «հասնիլ» ԻՇԻՊ-ի ղեկավարութեան: «Կերիլլայական» ոճով պատերազմներ մղող ահաբեկիչներուն համար կարեւոր հանգամանք կը դառնար «գերի պահել»ու երեւոյթը: Անոնք՝ ահաբեկիչները զինուորներու խնդիրը կը դարձնէին կարեւոր խաղաքարտ մը, որու շնորհիւ էր նաեւ, որ կը փորձէին ճնշումներ գործադրել՝ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն վրայ:
Հարցը ուրեմն դուրս կու գար նեղանձնական կամ ընտանեկան ծիրէն եւ կ՚ունենար համապետական հնչեղութիւն:
Խօսեցանք գերիներու հարցը խաղաթուղթի վերածելու երեւոյթին մասին ու այստեղ է նաեւ, որ շատ բացայայտօրէն կ՚ուրուագծուի, թէ ԻՇԻՊ այդ թղթածրարը իր ձեռքերուն մէջ պահելով կը փորձէր առաւելութիւն արձանագրել տարբեր ճակատներու վրայ, որոնցմէ պէտք է նշել հետեւեալները.
ա. Ահաբեկիչները ճնշումի այդ «զէնք»ով բաց կը պահէին բանակին հետ անուղղակի կապ մ՚ունենալու գործընթացը:
բ. Այդ խաղաքարտով կը փորձէին լուծել սնունդ եւ պարէն ունենալու հարցը:
գ. Այդ խաղաքարտը կը գործածէին նաեւ Ռումիյէ բանտին մէջ եղող իրենց աջակիցներուն եւ կարգ մը միաւորներուն համար իբրեւ ճնշումի միջոց:
դ. Կը հաւատային, որ ապագայ պատերազմի մը պարագային պիտի կարողանան այդ զինուորներու հարցը դարձնել հիմնական վահան:
Յատկապէս այս վերջին կէտին շնորհիւ էր նաեւ, որ ԻՇԻՊ-ի զինեալները կը յաջողէին բանակցիլ բանակին հետ: Թէկուզ այդ բանակցութիւնը կը կատարուէր երրորդ կողմի մը շնորհիւ, բայց եւ այնպէս ատոր շնորհիւ է, որ ԻՇԻՊ «կը շահէր» հրադադար մը «կորզելու» առիթը ու անկէ ետք ան կը յաջողէր «անփորձանք» կերպով հեռանալ դէպի Սուրիոյ «իր շրջանները»:
Երբ բանակի մօտիկ բանբերներ կը յայտարարէին, որ նախնական տուեալներով բանակի գերի ինկած ինն զինուորները սպաննուած են, երկրին մէջ բողոքի ալիք մը կը բարձրանար: Ընկերային ցանցերու վրայ կը տեղադրուէին տասնեակ պատկերներ, որոնք ցոյց կու տային մէկ կողմէ որդեկորոյս ծնողներուն ցաւը եւ միւս կողմէ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչներու դէպի Սուրիա «ժպիտով մը» հեռանալը:
Այս առիթով էր նաեւ, որ քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ ցասումով կը խօսէին պատահարին մասին։ Պատկան մարմինները կը մեղադրէին եւ բանակէն կը պահանջէին ամէն գնով ոչնչացնել ԻՇԻՊ-ի զինեալները:
Այս առումով ուշագրաւ կեցուածքով հանդէս կու գար այս թղթածրարին բաւական ծանօթ եւ նման հարցերով մեծ հմտութեան տէր զինուորականը՝ զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ այս նիւթին մասին կը խօսէր Լիբանանի Պետական ձայնասփիւռէն՝ անդրադառնալով հանրութեան որոշ խաւերու կողմէ հնչած քննադատութիւններուն։ «Մեր բանակը պետական մտածողութիւն ունեցող մարմին է: Մեր զինուորները մարդկային ընկալումներով կը շարժին: Անոնք չեն կռուիր սպաննելու համար: Անոնց նպատակն էր առաջին հերթին Լիբանանը ազատագրել ԻՇԻՊ-ի լուծէն, ինչպէս նաեւ իմանալ եւ հանրութիւնը իրազեկել երեք տարիէ ի վեր գերի ինկած զինուորներու ճակատագրի մասին», կ՚ըսէր Իպրահիմ:
Լիբանանցի սպան իր այս մօտեցումով կ՚ամրագրէր «Հիզպուլլահ»ի միջոցաւ բանակի եւ ահաբեկիչներուն միջեւ կայացած համաձայնութիւնը, շեշտը կը դնէր արժէքային համակարգով գործող բանակի հիմունքներուն վրայ, որ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարեցաւ մինչեւ վերջին պահը՝ վեր պահելով մարդկային ընկալումի բարձր արժանիքները:
Այս բոլոր անցուդարձերու կողքին, ուրախալի է, որ լիբանանեան բոլոր կողմերը դրական շեշտերով ընդունեցին բանակի կերտած յաղթանակը: Ճիշդ է, որ լսուեցան դժգոհ ձայներ, սակայն ընդհանուրի ունեցած դրական կարծիքը եւ բանակին մէջ պետութեան բոլոր հարցերը լուծող հիմնական ուժ տեսնելու մօտեցումը դարձաւ առաջնային:
Այստեղ միջանկեալ փակագիծ մը բանալով պէտք է նշել նաեւ, որ Լիբանանի պէս բարդ «համակեցութեամբ» ապրող երկրին համար շատ յստակ էր, որ պիտի ըլլան կողմեր, որոնք առնուազն քննադատեն նախորդ կառավարութեան վարքը եւ զինուորներու սպանութեան գծով մեծագոյն մեղադրական բաժինը վերագրեն 2014 թուականին իշխանութեան գլուխ եղող կառավարութեան ու անոր կարող ու համբերատար վարչապետին՝ Թամմամ Սալամին:
Շատ յաճախ հանրութիւնը կը մոռնայ, կամ առնուազն կը փորձէ անտեսել այն հանգամանքները, որոնք կային այդ օրերուն: Այսինքն, եթէ յիշեցման կարգով փորձենք արագ կերպով ներկայացնել այդ օրուան ընդհանուր իրադրութիւնը, ապա մեզի՝ հետեւողներուս համար շատ յստակ պիտի դառնայ, որ այդ ժամանակահատուածին սահմանային աւաններուն վիճակը նոյնը չէր:
Այսինքն բանակը այդ օրերուն չունէր այսօր ունեցած «կանաչ լոյս»ը (նոյնիսկ ամերիկացիներէն), կար նաեւ Արսէլի յիսուն հազար հաշուող սիւննի բնակիչ ներու, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն հարցը, որ լարուած ուժանակ էր Լիբանանի պետութեան դէմ: Բաց աստի, այդ օրերուն բանակը «ռիսքային» քայլեր առնելու ունակութիւնը չունէր, չունէր նաեւ այդ շրջանները ազատագրելու համար հարկ եղած շրջանային ու նոյնիսկ միջազգային համաձայնութիւնը:
Վերոնշեալ հանգամանքները հաշուի առնելէ ետք է, որ աւելի յստակ ու պարզ պիտի դառնայ, թէ լիբանանեան բանակը 2014 թուականին ի՛նչ պատճառներով կասեցուց իր գրոհը՝ «առիթ տալով» ահաբեկիչներուն, որպէսզի իրենց ուզածին պէս շարժին։
Ամէն պարագայի յստակ է, որ Արսէլի, Ռաս Պաալպէքի եւ Ալ Քահի մէջ իր մղած մարտերէն ետք լիբանանեան բանակը կարեւոր յաղթանակ մը կը պսակէր եւ արտաքին ու ներքին բոլոր կողմերուն ցոյց կու տար պետութեան քաղաքական որոշումը գործադրելու ուժականութիւնը:
Բանակին շնորհիւ փակուած կը համարուի ԻՇԻՊ-ի էջը Լիբանանի մէջ ու այդ մէկը բաւարար է, որ բանակի կերտած յաղթանակները համարուին երկրի միասնութիւնը եւ գերիշխանութիւնը ամրագրող հիմնարար գործօններ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան