ՈՉ ԵՒՍ Է ՓՐՈՖ. ՇԵՐԻՖ ՄԱՐՏԻՆ

Թուրքիա երէկ կորսնցուց երէց սերունդի հեղինակաւոր մտաւորականներէն մին, որ ընկերաբանութեան եւ քաղաքագիտութեան բնագաւառներէն ներս նոր հորիզոններ բացած էր երկրին առջեւ։ Այսպէս, ոչ եւս է Փրոֆ. Շերիֆ Մարտին, որ 90 տարեկան հասակին կնքեց իր մահկանացուն եւ իր յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Ենիգիւղի մզկիթին մէջ։

Շերիֆ Մարտին 1927 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Յաճախած էր Կալաթասարայ լիսէն եւ կրթութիւնը շարունակած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ամերիկեան բազմաթիւ հեղինակաւոր համալսարաններէ ներս թէ՛ ուսում տեսած էր եւ թէ աշխատած՝ որ պէս ակադեմական։ Ստանձնած էր նաեւ կարեւոր վարչական պաշտօններ։ 1969 թուականին նուաճած էր փրոֆեսէօրի կոչում։

Թուրքիոյ մէջ 13 տարի դասախօսած էր Անգարայի համալսարանէն ներս։ Պողազիչի համալսարանէն ներս եղած էր Տնտեսավարչական գիտութիւններու ֆաքիւլթէի հիմնադիր տեսուչը։ Նոյն համալսարնէն ներս եղած էր նաեւ Ընկերաբանութեան ամիպոնի վարիչ։ ԱՄՆ-էն վերջնական վերադարձէն վերջ, գիտական գործունէութիւնը շարունակած էր «Սապանճը» համալսարանին մէջ։ Վերջին շրջաններուն կը դասախօսէր «Շեհիր» համալսարանին մէջ։

Շերիֆ Մարտինի կորուստը շատ լայն արձագանգ ու մեծ ցաւ ստեղծեց բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Մշակոյթի նախարար Նուման Քուրթուլմուշ այս կորուստին առթիւ հրապարակեց ցաւակցական մը։ Ան ընդգծեց, որ Շերիֆ Մարտին միշտ յարգանքով պիտի վերյիշուի՝ ակադեմական աշխարհին բերած ծառայութիւններով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017