ԻՏԼԻՊԻ ՇՈՒՐՋ ԼԱՐՈՒԱԾ ՍՊԱՍՈՒՄ. ԱՅՍՕՐ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Իտլիպի վերաբերեալ լարուած իրադրութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ այսօր Իրանի մէջ տեղի կ՚ունենայ եռակողմանի գագաթաժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ տագնապն ու մասնաւորապէս Իտլիպի կացութիւնը։ Եռակողմանի գագաթաժողովին կը մասնակցին՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի։

Մինչ այս գագաթաժողովի արդիւնքին կը սպասուի հետաքրքրութեամբ, միջազգային յառաջատար բոլոր մայրաքաղաքներէն ալ մտահոգութիւն կը յայտնեն Իտլիպի կացութեան շուրջ։

Ռուսական ռազմաօդային ուժերը վերջին օրերուն ռմբակոծած էին Իտլիպի որոշ շրջանները։ Անգարայի զինուորական մասնագէտները կը շեշտեն, որ քաղաքի կեդրոնը ուղղակի չէ թիրախաւորուած եւ այդ ռմբակոծումները առաւել չափով կը հետապնդէին՝ այսօրուան գագաթաժողովին ընդառաջ ոստում մը ընելու նպատակը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018