ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏՕՆԵՑ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիխթէյնշթայնի հաւաքականը։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու աւարտին հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց 2-1 արդիւնքով։

Նորահաստատ Եւրոպայի լիկի առաջին հանդիպումն էր այս մէկը Հայաստանի հաւաքականին համար, որ պայքար կը մղէ D խմբակին մէջ։ Աւագ մարզիչ Վարդան Մինասեանի սաները ազդու խաղարկութեամբ հանդէս եկան այս մրցման ընթացքին։ Առաջին խաղակէսին Հայաստանի առաջին կոլը արձանագրեց Մարքուս Փիծելլի։ Երկրորդ խաղակէսին միջոց մը հաշիւը հաւասարեցաւ եւ այդ հատուածին մէջ Հայաստան չկրցաւ օգտուիլ փենալթիէ մը։ Այդ հնարաւորութիւնը մսխեց խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան՝ ի զարմանս բոլորին։ Բարեբախտաբար, Տիգրան Բարսեղեան արձանագրեց Հայաստանի երկրորդ կոլը, ինչ որ ապահովեց աստղերու լիկայի մէջ առաջին խաղի արդիւնքով 3 նիշը։ Հայաստանի երկրորդ կոլին լուրջ նպաստ մը բերաւ Արաս Էօզպիլիզ, որ կատարեց սքանչելի փոխանցում մը։ Այսպէսով հայ ֆութպոլասէրները ապրեցան խանդավառ երեկոյթ մը։

Ազգերու լիկայի մրցապայքարին մէջ Հայաստանի խմբաւորման միւս մրցակիցներն են Մակեդոնիա եւ Ճիպրալթար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018