ԳԼԽԱՒՈՐ ԻՐԱՒԱՐԱՐ

Հայաստանի ներկայացուցիչ, միջազգային իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան նշանակուեցաւ ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարար, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 9 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր, ռուսական Խանթի Մանսիյսք քաղաքին մէջ: Աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի հանդիպումներուն, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ եգիպտացի Իսամ Ճունտի, Սերկէյ Մովսիսեան կը մրցի ռուս Կրիկորի Օփարինեւի, իսկ Ռոպերթ Յովհաննիսեան՝ ռուս Անթոն Տեմչենքոյի դէմ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2019