ԼՈՒՐՋ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ մօտաւոր ապագային կը նախատեսուի նոր հանդիպում մը։ Սա կը նշանակէ, որ Երեւան եւ Պաքու հերթական անգամ պիտի փորձեն թափ տալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Նախարարութենէն ներս կազմակերպուած ասուլիսին ժամանակ Զօհրապ Մնացականեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ ըսաւ. «Մեր կառավարութիւնը շատ յստակ արտայայտած է լրջութիւնը մեր մտադրութիւններու՝ աշխոյժ աշխատելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ուղղութեամբ։ Այս տարուան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարներու եւ երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հանդիպումներու թիւը արդէն ի ցոյց կը դնէ այդ լրջութիւնը։ Մեր միջեւ հանդիպում մը նախատեսուած է եւ տեղի պիտի ունենայ շուտով։ Մենք համաձայնած ենք նոյնաժամանակ յայտարարելու այդ հանդիպման մասին եւ ես, բնականաբար, չեմ փափաքիր խախտել զայն», յայտնեց Զօհրապ Մնացականեան։

Հարկ է նշել, որ Մնացականեան քանի մը օր առաջ ալ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս խօսած էր հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ան նշած էր, որ ներկայ տարուան ընթացքին բանակցային գործընթացը եղած է բաւական աշխոյժ։ Մնացականեան նշած է, որ այժմ Երեւանի նպատակն է շարունակել երկխօսութիւնը արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։

Միւս կողմէ, երէկ, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի միջեւ հանդիպում մը։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան անվտանգութեան բնագաւառի պարագային Երեւանի եւ Ստեփանակերտի համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2019