ԵՄ-ԷՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել Թուրքիոյ օրակարգը։ Երէկ, Թուրքիոյ եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան զօրքերը ձեռնարկեցին համատեղ ռազմափորձերու։ «Միջերկրականի փոթորիկ» կոչուած զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին յատուկ նշանակութեամբ միաւորներ։

Դիւանագիտական գետնի վրայ ալ Անգարա վճռակամութեամբ յառաջ կը տանի իր քաղաքականութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճը։ Այս վերջինը հերթական այցելութիւնը տուաւ Անգարա, ուր Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպումը տեւեց շուրջ երկուքուկէս ժամ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին եւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Թուրքիա համոզուած է, թէ Լիպիոյ մէջ հաստատուելիք խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը նպաստաւոր պիտի ըլլայ հարեւան երկիրներու, ամբողջ տարածքաշրջանի եւ Եւրոպայի տեսակէտէ։ Ուստի, Էրտողան կ՚ակնկալէ, որ միջազգային հաւաքականութիւնը սկզբունքային դիրքորոշում մը որդեգրէ այս ուղղութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ զարկ տալ՝ Լիպիոյ օրինական կառավարութեան հետ ստորագրուած փաստաթուղթերու շրջանակին մէջ համագործակցութեան։ Արժեւորուեցան նաեւ այլ քայլերը, որոնք պիտի առնուին արեւելեան Միջերկրականէ ներս Թուրքիոյ իրաւունքները երաշխաւորելու համար։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Օրակարգի վրայ եկան նոյնպէս արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները, նաեւ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները։ Ըստ Էրտողանի, Յունաստան եւ ԵՄ-ի անդամ կարգ մը երկիրներ քայլեր կ՚առնեն՝ արեւելեան Միջերկրականի եւ Եգէականի մէջ լարուածութիւնը հրահրելով։ Ուստի, այս առումով ԵՄ պէտք է արդարօրէն յարգէ իրեն վիճակած պարտաւորութիւնները։ Եւրոպացի քաղաքական գործիչները տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ կը կատարեն սադրիչ յայտարարութիւններ, ինչ որ չի նպաստեր խնդիրներու լուծման։ Ըստ Էրտողանի, արեւելեան Միջերկրականի պարագային ԵՄ-ի կողմէ որդեգրուելիք դիրքորոշումը անկեղծութեան փորձաքար մը պիտի ըլլայ՝ միջազգային իրաւունքի եւ տարածքաշրջանային խաղաղութեան տեսակէտէ։ ԵՄ-ի կառոյցներու եւ անդամ երկիրներու կողմէ արեւելեան Միջերկրականի գլխաւորութեամբ տարածքաշրջանային բոլոր խնդիրներու շուրջ կ՚ակնկալուի արդար, անկողմնակալ ու առարկայական դիրքորոշում մը։ Էրտողան մատնանշեց, որ սա ԵՄ-ի տեսակէտէ պատասխանատուութեան հարց մըն է։

Հարկ է նշել, որ Շարլ Միշել վերջին օրերուն օրակարգի վրայ բերած էր արեւելեան Միջերկրականի առկայ լարուածութեան յաղթահարման համար միջազգային խորհրդաժողովի մը կազմակերպման առաջարկը։ 24-25 սեպտեմբերին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է ԵՄ-ի գագաթաժողովը։ Ըստ Շարլ Միշելի, ղեկավարները պիտի քննարկեն արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ սահմանումները, ուժանիւթի, անվտանգութեան եւ գաղթի վերաբերեալ հարցեր։ Այս փուլին ԵՄ պիտի քննարկէ նաեւ, թէ ի՛նչ քաղաքականութեան պիտի հետեւի Թուրքիոյ պարագային եւ ինչպէ՛ս պիտի զարգացուին յարաբերութիւնները։ Ըստ Միշելի, Անգարա եւ Աթէնք տեղեակ պահուած են այս առաջարկէն։ Նախատեսուած միջազգային բազմակողմանի խորհրդաժողովին կրնայ մասնակցիլ նաեւ ՆԱԹՕ-ն։ Միշել յայտնած էր, որ վերջին շաբաթներու լարուածութիւնը պէտք է վերջ գտնէ։ «Կացութիւնը այսպէս չի կրնար շարունակուիլ», ըսած էր ան։

Այս առաջարկը յղանալէ վերջ, Էրտողանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցէն առաջ Շարլ Միշել ըրած էր նաեւ կարգ մը յայտարարութիւններ, որոնք քննադատուած էին թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2020