ՆՈՐ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածներու վերաբերեալ գայթակղութիւնները երկար տասնամեակներէ ի վեր կը զբաղեցնեն հայոց օրակարգը։ Ցարդ իրադարձութիւնները միշտ գրեթէ նոյն ընթացքը ունեցած են։ Նախ պնդումներ եւ լսումներ շրջանառութեան մէջ կը մտնեն ազգապատկան կալուածի մը, հողատարածքի մը վիճելի գործարքին մասին։ Պաշտօնական աղբիւրները լռութիւն կը պահեն եւ այդպէսով կը նախընտրեն հանրութեան միտքը պղտոր պահել, առանց համոզիչ փաստերով հանդէս գալու։ Որոշ ժամանակ անց արդէն գործնականօրէն ի յայտ կու գայ անդառնալի իրողութիւնը, թէ կալուածը ձեռքէ գացած է, մսխուած է, քմահաճ կարգադրութիւններով, լիազօրութեան չարաշահումներով անհատներ հարստացած են, իսկ ազգը տուժած է։ Այս պատկերը անփոփոխ է տասնամեակներէ ի վեր ու ներկայիս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածներէն մէկուն մասին շրջանառութեան մէջ մտած են հերթական գայթակղութեան վերաբերեալ պնդումներ։ Այսպէս, «www.keghart.org» կայքէջի վրայ, Յակոբ Վարդերեսեանի եւ Ժառանգաւորաց վարժարանի նախկին սաներէն Յովսէփ Մարգարեանի համատեղ ստորագրութեամբ մտահոգութիւն յայտնուած է հին քաղաքի ազգապատկան տարածքի մը ճակատագրին շուրջ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները ցարդ պաշտօնապէս որեւէ ձեւով չեն արձագանգած այս պնդումներուն։

Կայքէջի վրայ վերոյիշեալ հեղինակները մէջբերած են վկայութիւն մը, ըստ որու, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան, լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Եպսկ. Երէցեան կնքած են վիճելի վարձակալութեան պայմանագիր մը։ Հին Քաղաքի հայկական թաղամասի հարաւ-արեւմուտքի «Կովերու պարտէզ» կոչուած լայն ու հարթ տարածքին վերաբերեալ քմահաճ տնօրինութեան մը կը վերաբերի ահազանգը։ Այսպէս, 99 տարի ժամկէտով վարձակալութեան պայմանագիր մը կնքուած է աւստրալացի միլիոնատիրոջ մը հետ, որ կը նախատեսէ պանդոկ մը կառուցել այդ ազգապատկան կալուածին վրայ։ Վկայութեան հիման վրայ հեղինակներուն կողմէ հնչեցուած ահազանգին մէջ կը շեշտուի, որ ըստ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան փորձառութեան՝ նման երկարաժամկէտ համաձայնութիւնները տուեալ կալուածի կորուստին կ՚առաջնորդեն, իսկ «Կովերու պարտէզ»ի պարագային այդ կորուստին ու մսխումին նշանակութիւնը կը հասնի մեծ համեմատութիւններու։

Թուղթի վրայ նախատեսուած ձեւը այն է, որ Պատրիարքարանը նման գործարքներու ձեռնարկելու ժամանակ պէտք է ունենայ միաբանական ընդհանուր ժողովի հաւանութիւնը։ Ծանօթ է, որ երկար ժամանակէ ի վեր միաբանական ընդհանուր ժողով տեղի չ՚ունենար Երուսաղէմի մէջ։ Ըստ հաղորդումներու, Նուրհան Պատրիարքը այս ուղղութեամբ չկամութիւն կը դրսեւորէ ու նոյնիսկ միաբաններու կողմէ այս նպատակով հաւաքուած ստորագրութիւններու աղերսագիրը պատռած է։ Վերջին շրջանին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան օրացոյցէն դուրս թողուած են նաեւ անունները միաբանութեան անդամ երեք արքեպիսկոպոսներու, որոնք արտասահմանի մէջ կը պաշտօնավարեն։ Այդ անուններն են՝ Արեւմտեան թեմի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան եւ Արժանթինի թեմակալ առաջնորդ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան։ Այս վերջինները հրաւիրուած են վերադառնալ Երուսաղէմ, սակայն անոնք հասկնալիօրէն չեն կարողացած ընդառաջել իրենց անյետաձգելի ու պատասխանատու առաքելութիւններուն բերումով։ Սա ալ պատրուակ ծառայած է, որպէսզի անոնց անունները դուրս թողուին պաշտօնական օրացոյցէն։ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն անդամի մը դուրս թողուելուն համար ալ անհրաժեշտ է միաբանական ընդհանուր ժողովի որոշումը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2021