ՀՌՈՄ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի Հռոմի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Այս առթիւ ան աջակցութիւն յայտնեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մելոնի վերահաստատեց Հռոմի յանձնառութիւնը Կովկասէ ներս կայունութեան ու բարգաւաճման ի նպաստ։ Ան դիտել տուաւ, որ Իտալիա կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ նպատակ ունենալով հասնիլ տեւական խաղաղութեան։ Մելոնի համոզուած է, թէ Եւրոմիութեան դերակատարութիւնը այս գործընթացի անբաժանելի մասն է։ ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը կրնայ նոր հնարաւորութիւններ բանալ ամբողջ տարածաշրջանին առջեւ՝ նաեւ կապի առումով։

Իլհամ Ալիեւ, որ Հռոմի մէջ Իտալիոյ միջազգային ֆորումին մասնակցեցաւ, ելոյթին ժամանակ խօսեցաւ Հայաստանի հետ հաշտութեան գործընթացին մասին։ Ան դիտել տուաւ, որ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի թեքստի մօտաւորապէս 80 տոկոսը արդէն համաձայնեցուած է։ «Մենք արդէն հասած ենք սահմանազատման, նոյնիսկ սահմանազատման գործընթացին։ Սա փոքր քայլ է, 13 քիլօմեթրնոց հատուած մը սահմանազատուած է՝ մինչ մենք 1000 քիլօմեթր սահման ունինք Հայաստանի հետ։ Սակայն, սա ճիշդ ուղղութեամբ առնուած քայլ մըն է ու մենք կը յուսանք, թէ հաշտութեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի այս նախաձեռնութիւնը կ՚ապահովէ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը», յայտնեց Իլհամ Ալիեւ, որ խօսեցաւ նաեւ սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգի վաւերացման շուրջ։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Մելոնի-Ալիեւ հանդիպումէն վերջ Իտալիոյ եւ Ատրպէյճանի քարիւղի ընկերութիւններուն՝ ENI-ի եւ SOCAR-ի միջեւ ստորագրուեցան փոխըմբռնման երեք յուշագիրներ, որոնք կը վերաբերին ուժանիւթի անվտանգութեան, ջերմոցային կազերու արտանետումներու կրճատման եւ կենսավառելիքի արտադրութեան շղթայի որոլտներուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024