ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊՐԻՔՍ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետի բանբերը՝ Նազելի Պաղտասարեան երէկ հաստատեց այս տեղեկութիւնը, որուն աւելի առաջ անդրադարձած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան։

ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովը նախատեսուած է Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ, 22-24 հոկտեմբերին։ Երեւանի ղեկավարութիւնը արդէն որոշած է ամենաբարձր մակարդակի վրայ մասնակցութիւն բերել այս հաւաքոյթին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024